ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս օրերուն, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս Թորոնթօ կը գտնուի՝ իրեն հետ բերելով մեր պահանջատիրական պայքարը շարունակելու պատգամը, շաբաթավերջին կայանալիք Քսանի խմբակի (G20) ժողովներուն մասնակցելու նպատակով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս Թորոնթօ պիտի այցելէ:
Ըստ Թորնոթոյի Հայ Դատի յանձնախուբին, Էրտողան այս առթիւ նաեւ Թուրքիոյ նոր հիւպատոսարան մը պիտի բանայ Թորոնթոյի մէջ. հիւպատոսարանին գլխաւոր աշխատանքներէն մէկը պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին ընդարձակումը, յատկապէս այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները յստակօրէն ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Յայտնենք նաեւ, թէ Թորոնթոյի հայութիւնը յաջողութեամբ պսակած էր Թորոնթոյի պետական վարժարաններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ապահովելու համար տարուած պայքարը, իրողութիւն մը, որ բնականաբար դիւրամարսելի չէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: