ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
132 տարի առաջ այս օրերուն, 1878ի 13 Յունիսէն մինչեւ 13 Յուլիս երկարող միամսեայ ժամանակաշրջանին, կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը դարձաւ ժամադրավայրը այսպէս կոչուած «Հին Աշխարհ»ի մեծ տէրութեանց գագաթի «Վեհաժողովին»։
«Վեհաժողով» կոչուեցաւ արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական քարտէսին հիմերը դրած 1878ի Պերլինի Համաժողովը, որովհետեւ անոր գլխաւոր մասնակիցներն ու տիրական դէմքերը թագաւոր կամ ցար էին, սուլթան կամ իշխան, փոխարքայ կամ մեծ վեզիր, բանակի զօրավար կամ արքունի դիւանագէտ… Փաստօրէն այդ օրերուն «Հին Աշխարհ»ը դեռ ամբողջապէս թօթափած չէր քաղաքական աւատապետութեան լուծը եւ մեծ, միջին թէ փոքր ածուներու ժողովուրդներուն ճակատագիրը մեծապէս կախեալ կը մնար միապետներու կամքէն ու կամայականութենէն, որովհետեւ ի վերջոյ «անտառի օրէնք»ը կ՛իշխէր եւ իրաւունքը կը պատկանէր ուժեղին։
Իբրեւ այդպիսին՝ Պերլինի Վեհաժողովը պատմութեան անցաւ իբրեւ աշխարհի ճակատագիրը մեծապետական ուժերու նեղ շրջանակին մէջ վճռելու, մեծապետական հակամարտութիւններն ու մրցապայքարները դիւանագիտական սեղանի շուրջ կարգաւորելու միջազգային վարքագծին ամէնէն դասական եւ բարացուցական նմոյշը, այլեւ՝ բնորդը։
Արդէն 132 տարի անցած է Պերլինի Վեհաժողովէն ասդին, մարդկութիւնը անցած է երկու աշխարհամարտներու արհաւիրքէն, հիմնայատակ կործանած է քաղաքական աւատապետութիւնը եւ նոր ուժեր գրաւած են աշխարհի ճակատագիրը ղեկավարելու դիրքերը։ Ստեղծուած է միջազգային Օրէնքի եւ Իրաւունքի համակարգ մը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն կեանքի կոչուած է եւ հարիւրաւոր ազգեր ու ժողովուրդներ տիրացած են նորակազմ երկիրներու եւ պետութիւններու անկախութեան…
Բայց եթէ ժամանակաշրջանի եւ պայմաններու հիմնական տարբերութիւններէն անդին սեւեռող քննական հայեացքի տակ բերուի մերօրեայ աշխարհի ճակատագիրը տնօրինելու միջազգային վարքագիծը, անպայման տեսանելի պիտի դառնայ այն դաժան իրականութիւնը, որ փոխուած են միայն դերակատարներն ու խաղականոնները, նոյնը մնացած է բուն խաղը՝ մարդկութեան հետ ըստ կամս վարուելու մեծապետական ուժերու ինքնակեդրոն մրցապայքարը, որուն դասական վերջին դրսեւորումը հանդիսացաւ Պերլինի Վեհաժողովը։
Հայոց պատմութեան մէջ տխրահռչակ իր տեղը ունի 1878ի Պերլինի Վեհաժողովը, որուն ամիս մը տեւած աշխատանքներու աւարտին, 13 Յուլիսին, կնքուեցաւ Պերլինի հանրածանօթ Դաշնագիրը։ Դաշնագիր մը՝ որ գլխիվայր շրջեց Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, անոր հայանպաստ 16րդ յօդուածը փոխարինելով 61րդ յօդուածով։
Կ՛արժէ առանձին կեդրոնացումով եւ իր ստորագրութեան օրին անդրադառնալ Պերլինի Դաշնագրին գործած այդ անարդարութեան, 16րդ յօդուածը 61րդով փոխարինելու դառն հեգնանքին։ Մանաւանդ որ Պերլինի Վեհաժողովէն 45 տարի ետք, դարձեալ Յուլիս ամսու մէջ, բայց արդէն 1923 թուականին ստորագրուած Լօզանի Դաշնագրով, մեծապետական աշխարհը նոյն ոգիով եւ աւելի ծանրակշիռ մեղսակցութեամբ՝ վերջնականապէս թաղել փորձեց Հայկական Հարցը։
Այսօրուան յուշատետրով շեշտադրումի արժանին այն իրողութիւնն է, որ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսման առումով տխրահռչակ չեղաւ Պերլինի Վեհաժողովը։ Նաեւ ու յատկապէս համեւրոպական քաղաքականութեան առումով, իր գործած սխալներով ու անարդարութիւններով, Պերլինի Վեհաժողովը պատմութեան անցաւ, ըստ ամենայնի, իբրեւ մեծապետական շահամոլութեան, գաղթատիրութեան եւ կարճատեսութեան տխրահռչակ բեմադրութիւն մը։
Վեհաժողովի գումարման նախաձեռնեց գերման վարչապետ Պիսմարք, որ իր վարչապետական նստավայրին՝ երբեմնի կայսերական Րացուիլ ապարանքին մէջ հիւրընկալեց համագումարին լիիրաւ մասնակից վեց մեծ տէրութեանց, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրօ–Հունգարիոյ, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան, ինչպէս նաեւ միայն իրենց ճակատագրին առնչուող օրակարգով գումարուած նիստերուն ներկայ գտնուելու իրաւունք ստացած Յունաստանի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները։
Վեհաժողովին գլխաւոր օրակարգը Պալքանեան Թերակղզիի աշխարհաքաղաքական նոր սահմանագծումն ու իրաւակարգումն էր։ Բայց շարժառիթը նոյնինքն Պալքաններու խռովայոյզ վիճակը չէր այնքան, որքան Օսմանեան Կայսրութեան արագընթաց տկարացումին եւ փլուզումին նոյնքան եւ աւելի արագութեամբ հետեւող ցարական Ռուսաստանի ուժեղացումն ու վերելքը՝ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնումով, արեւմուտքէ՛ն, դէպի Պալքաններ ու Սեւ Ծով եւ, հարաւ–արեւելքէ՛ն, դէպի Արեւմտահայաստան ու Պարսկաստան։
Անշուշտ Պալքանները, ազգայնական զարթօնքի եւ սլաւոնական–ուղղադաւան ինքնահաստատման բուռն շարժումներու վարակիչ մթնոլորտին մէջ, ինքնին ստեղծած էին միջազգային առումով պայթուցիկ իրավիճակ մը, որ եթէ մէկ կողմէ անխուսափելի դարձուցած էր թրքական տիրապետութեան թօթափումը, միւս կողմէ ալ, սակայն, վտանգի ենթարկած էր Աւստրօ–Հունգար Կայսրութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ «շահերը» Պալքաններու եւ ընդհանրապէս ամբողջ Արեւելքի մէջ։
Աւելի՛ն. դեռ նոր աւարտած էր 1877–1878ի Ռուս–Թրքական պատերազմը՝ անփառունակ պարտութեան մատնելով Օսմանեան Կայսրութիւնը թէ՛ կովկասեան եւ թէ պալքանեան ռազմաճակատներուն վրայ։ Մարտ 1878ին կնքուած էր Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, որ ի նպաստ Ցարական Ռուսաստանի լուրջ զիջումներ պարտադրած էր Սուլթանի կառավարութեան։ Պալքաններու մէջ, Բարձրագոյն Դուռը համակերպած էր Պուլկարական ինքնավար եւ ընդլայնուած սահմաններով Իշխանապետութեան մը առաջացումին, սուլթանի անուանական տիրապետութեան ներքեւ։ Իսկ Արեւելեան ճակատի վրայ, օսմանեան կառավարութիւնը ոչ միայն ամբողջ նահանգներ զիջած էր յաղթական Ռուսաստանին, այլեւ՝ դրուած էր հայկական բարենորոգումներու իրագործման քաղաքակա՛ն ճնշումին տակ։ Այսպէ՛ս, մեծապետական ուժերու հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտած էր, բայց ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան անկումին եւ Ցարական ռուսաստանի հզօրացման առումով։
Արեւմտեան կողմն Եւրոպայի եւս տեղի ունեցած էին նոյնքան եւ աւելի մեծակշիռ փոփոխութիւններ։ Պիսմարքի Գերմանիան կրցած էր պարտութեան եւ նահանջի մատնել Աւստրօ–Հունգարիան եւ Ֆրանսան։ Այս վերջիններուն ծանր հարուած հասցուցած էր նաեւ Իտալիոյ միաւորման ազգայնական շարժումը, որ յաղթական վերելքի իր տարերքին մէջ էր եւ եւրոպական գաղթատիրութենէն աւարի իր բաժինը կը պահանջէր։
Ֆրանսայի տկարացումով եւ Գերմանիոյ հզօրացումով, փաստօրէն, Եւրոպա կորսնցուցած էր իր «հոմանուհին» եւ գտած էր նոր «տիրակալ» մը, ինչպէս որ 19րդ դարավերջին եւրոպացի պատմաբան մը պատկերաւոր ձեւով բնութագրած է։
Իսկ Մեծն Բրիտանիան, եւրոպական ցամաքամասէն հեռու՝ ծայրագոյն Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի իր գաղութներուն հոգերով տարուած, Կլատսթոնի կառավարութեան օրով անտեսումի մատնած էր նոյնինքն Եւրոպան եւ յանկարծ կ՛անդրադառնար, որ Պալքաններու մէջ վերանայումի կ՛ենթարկուէր մեծապետական աշխարհի ընդհանուր քարտէսը՝ Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի համախոհութեամբ ու դաշնադրութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, իր բացակայութեամբ ու անտեսումով։
Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիա բուռն հակազդեցութիւն ունեցաւ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրին դէմ։ Անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեց Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»ուն։ Գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ Սուլթանի կառավարութեան հետ եւ, կանխի՛կ, Կիպրոսը նուէր ստանալով՝ ահազանգ հնչեցուց Պալքաններուն սպառնացող սլաւոնական վտանգին դէմ։
Ռուսական վերելքով հանգիստ չէր նաեւ Գերմանիան. ոչ այնքան Պալքաններու եւ տաք ջուրերու ուղղութեամբ Ռուսաստանի յառաջխաղացքին, որքան Եւրոպայի մեծապետական հաւասարակշռութեան խախտումին եւ Մեծն Բրիտանիոյ թշնամանքը իր վրայ հրաւիրելու մտավախութեամբ։
Պիսմարք անհրաժեշտ հոտառութիւնը ունէր, որպէսզի արագ շարժէր եւ պահպանէր կացութեան տէրը ըլլալու իր առաւելութիւնը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Պիսմարք նախաձեռնեց Պերլինի Վեհաժողովին գումարումը եւ անձամբ ղեկավարեց անոր աշխատանքները՝ աշխարհի ճակատագիրը միասնաբար ղեկավարելու ընդհանուր համախոհութիւն մը առաջացնելով եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ։
Բայց ի՞նչ գնով։
Պերլինի Վեհաժողովին մասնակից Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակութեան ղեկավարը՝ վարչապետ Տ՛իզրայէլի Լոնտոն վերադարձին իր քաղաքացիներուն յայտարարեց, թէ «ձեզի կը բերեմ խաղաղութեան եւ հաշտութեան դաշնագիր մը, որ միաժամանակ պատուաբեր է»…
Պատմաբանները համաձայն չեն Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի գնահատումին։
Ընդհակառակն՝ Պերլինի Դաշնագիրը դժգոհ ձգեց ոչ միայն Պալքանեան թերակղզիի քրիստոնեայ ժողովուրդները, ուղղադաւան ըլլան անոնք թէ կաթոլիկ, այլեւ՝ Օսմանեան Կայսրութենէն ազատութիւն ու անկախութիւն, նոյնիսկ սոսկական բարենորոգումներ պահանջող միւս բոլոր ազգերը։
Սան Սթեֆանոյի մէջ կեանքի կոչուած կիսանկախ եւ միացեալ մեծ Պուլկարիան, որ Պալքաններու քրիստոնեայ ազգութեանց համակեցութեան եւ հետագայ անկախացման երաշխիքը պիտի ըլլար, վերստին մասնատուեցաւ եւ ամբողջապէս դրուեցաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ։
Հետեւաբար, Տ՛իզրայէլիի յաւակնոտ արժեւորումը այդպէս ալ մնաց… միայն ծերունազարդ դիւանագէտի մը պարծենկոտ յայտարարութիւն։
Եւ Պիսմարք շատ լաւ կ՛անդրադառնար, որ պարզապէս աւարի բաժանման շուրջ գոյացած համախոհութիւն էր իր ձեռք բերած… յաջողութիւնը Պերլինի Վեհաժողովի աւարտին։
Ազատութիւն եւ արդարութիւն պահանջող ժողովուրդներու ձայնը պարզապէս խեղդուած էր մեծ տէրութեանց նեղ–շահամոլոլական յաղթագոռ ելոյթներու ճնշումին տակ։
Աւելի՛ն. պատմաբաններու ընդհանուր եզրակացութեամբ, Պերլինի Վեհաժողովը պարզապէս ծառայեց Պալքանեան վառօդի տակառը ծածկելու նպատակին…
Եւ այսօր, Պերլինի Վեհաժողովի բացումէն 132 տարի ետք, որքան դիպուկ իր ախտաճանաչումը կը պահպանէ նոյնինքն Պիսմարքի մարգարէական նախատեսութիւնը՝ Պալքաններու մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց դրսեւորած ընչաքաղցութեան եւ կարճատեսութեան հետեւանքին վերաբերեալ։
– «Եւրոպան այսօր վառօդի տակառ մըն է, իսկ անոր ղեկավարները նման են զինարանի մը մէջ ծխող մարդոց… մէկ հատիկ փոքր կայծ մը կրնայ առաջացնել այնպիսի պայթիւն մը, որ պիտի սպառէ բոլորս… Չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ այդ պայթիւնը ե՞րբ պիտի պատահի, բայց կրնայ ըսել, թէ ո՛ւր… Պալքաններու մէջ անիծեալ ապուշ բան մը պիտի առաջացնէ այդ պայթիւնը…»
Դժբախտաբար իրականացաւ Պիսմարքի նախատեսութիւնը։
Ամբողջ մարդկութեան գլխուն պայթեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը՝ աշխարհակործան իր հետեւանքներով։
Իսկ հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գինը վճարեց Մեծապետական Խաղին՝ զոհ երթալով թրքական պետութեան ծրագրած ու գործադրած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան։
Պերլինի Վեհաժողովին ծանրակշիռ դասերը այսօր եւս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ պարբերաբար պէտք է բանալ անոր ծալքերը, որպէսզի վաղը դարձեալ չիյնանք օրհասական հարուածի տակ: