ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ։
Ուաշինկթընի մէջ մամլոյ զեկուցումի մը ընթացքին Թոնըր ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ զօրակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման։ Ան նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներ նաեւ կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լուծումի մը գոյացման, եւ երկու հարցերը անշուշտ զիրար չեն բացառեր, այլ՝ իրարու կ՛աջակցին»։
Անդրադառնալով այն քննադատութեան, թէ Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման ուղղութեամբ մեծ բան չէ կատարած՝ Թոնըր յայտնեց. «Այդ մէկը չեմ ընդունիր։ Կը կարծեմ, թէ Մինսկի խմբակին մէջ շարունակած ենք հանդիպումները՝ այս հարցերուն ուղղութեամբ աշխատելու համար։ Անշուշտ, դժուար հարցեր են եւ շատ ժամանակի կը կարօտին։ Սակայն մեր դեսպանը՝ Ռապըրթ Պրատթքին, ժրաջան աշխատանք կը տանի այս հարցերուն գծով, եւ այդ մէկը պարզապէս կ՛ամրապնդուի արտաքին գործոց նախարարի (Քլինթըն) շրջան այցելութեամբ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.