ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Յուլիս 5ին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ: Սակայն, ցաւօք, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ այդ այցը ներկայացուեցաւ իբրեւ՝ «անձնական»: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները նման բնութագրում կիրառելով՝ փորձեցին կանխել թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ բացասական արձագանգ:
Իմ կարծիքով, ԱԳ նախարարութիւնը սխալ ձեւով դասաւորեց նախարար Քլինթընի այցը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, կարգ մը պատճառներով, զորս կը ներկայացնեմ ստորեւ.
Կարիք չկար մեղմացնելու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցելութիւնը՝ զայն որակելով «անձնական», քանի որ այդպիսի այցելութիւններ ընդունուած կարգ են Հայաստան այցելող օտարերկրեայ բարձրաստիճան հիւրերու համար:
Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւնը անպայմանօրէն չ՛ենթադրեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, քանի որ Միացեալ Նահանգներու նախորդ եւ ներկայի բոլոր դեսպանները, ամէն Ապրիլ 24ի այցելած են Ծիծեռնակաբերդ:
Նախարար Քլինթընի այցելութիւնը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կարելի չէր ներկայացնել իբրեւ «անձնական», քանի որ անիկա մաս կը կազմէր Հայաստան կատարած նախարարի «պաշտօնական» այցելութենէն:
Այցը՝ իբրեւ «անձնական» ներկայացնելուն կը հակասէր նաեւ այն փաստը, որ Ցեղասպանութեան յուշարձանին դրուած ծաղկեպսակի ժապաւէններուն վրայ առկայ էր՝ «Արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Ռոտհըմ Քլինթընէն» մակագրութիւնը:
Մէկ օր առաջ, Քլինթընի այցելութիւնը Պաքուի «Շեհիտներու ծառուղի», իբրեւ «անձնական» չներկայացուեցաւ, մտահոգիչ այն տպաւորութիւն ստեղծելով, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը՝ Ատրպէյճանի քարիւղին առումով աւելի ծանրակշիռ են, քան մարդասիրական մտահոգութիւնը Ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ:
Մէկ այլ երկակի չափանիշ էր Հիլըրի Քլինթընի կողմէ չարտօնելը, որ Երեւանի մէջ ոեւէ հայ պետական պաշտօնեայ ուղեկցի իրեն Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, միչդեռ Պաքուի մէջ ան «Շեհիտներու ծառուղի» այցելած էր Ատրպէճանի փոխնախարարներէն մէկուն ուղեկցութեամբ:
Քլինթըն չարտօնեց իրեն ընկերակցող միջազգային կամ տեղական հայկական լրատուամիջոցներուն, բացառութեամբ՝ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին, որ լուսաբանեն Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած իր այցելութիւնը: Անոր այս որոշումը կը հակասէ լրատուամիջոցներու ազատութեան իր պաշտպանութեան:
ԱԳ նախարար Քլինթըն վարանելու պատճառ չունէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, քանի որ նախագահ Ռիկըն դեռ 1981 թուականին ճանչցած էր զայն, իսկ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր ընդունած էր 1975 եւ 1984 թուականներուն:
Թէեւ ԱԳ նախարարութիւնը նուազեցուց Քլինթընի Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցելութեան բնոյթը, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները հնարաւոր ամէն ինչ ըրին՝ այցին հրապարակայնութիւնը ապահովելու համար: Այս անգամ անոնք աւելի վճռականօրէն գործեցին, քան ընթացիկ տարուան Մայիսին, երբ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլեթ Չաւուշօղլու հրաժարեցաւ այցելելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրային եւ պատկերասփիւռի այլ կայաններով, պարբերաբար, սփռուեցաւ Քլինթընի Յուլիս 5ի Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցելութեան տեսահոլովակը:
Բացի ատկէ, Հայոց Ցեղասպանութեան պետական թանգարանի կայքին վրայ բաւական ակնառու ձեւով լուսաբանուեցաւ Քլինթընի այցը՝ լուսանկարներու տեղադրումով, որոնցմէ մէկուն մէջ պատկերուած էր ժապաւէններով ծաղկեպսակը՝ Քլինթընի անուան եւ պաշտօնի տեսանելի մակագրութեամբ, իսկ միւսին մէջ՝ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի կազմակերպութեան կողմէ յանձնուած շքանշան մը, որ նախարարին յանձնած էր նշեալ թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: Մատնանշելով թրքական սահմանին կողմը՝ Դեմոյեան Քլինթընին ըսաւ, թէ Արարատ լեռը «Հայաստանի խորհրդանիշն է»: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հիմնական փաստեր ներկայացնելէ բացի, Դեմոյեան Քլինթընի պատմեց, թէ Արցախի մէջ զոհուած հերոսներուն շիրիմները կը հանգչին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին, որովհետեւ հայերը Արցախեան պատերազմը կ՛ընկալեն իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւն: Նախարար Քլինթընին յանձնուած է նաեւ պատմական լուսանկար մը, որուն մէջ պատկերուած են Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրիի) ամերիկեան որբանոցի հայ երեխաները՝ կանգնած «Ամերիկա, շնորհակալ ենք» դասաւորութեամբ:
Քլինթընի այցելութիւնը արժանացաւ Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւններու թէ՛ գովասանքին, եւ թէ քննադատութեան: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեղադրեց Քլինթընը՝ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր անոր «գաղտնի» այցելութեան համար, մինչդեռ Ամերիկայի Հայկական համագումարը գովաբանեց անոր այցը: Հայաստանի մօտ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվանս «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին յայտնեց, թէ «Քլինթընի այցը փոքր, բայց դրական քայլ մըն է դէպի յառաջ»: Ճէյմզ Պէյքըր վերջին ԱԳ նախարարն էր, որ 1992ին այցելած էր Հայաստան, սակայն Ծիծեռնակաբերդ չէր այցելած:
Իմ կարծիքով, պէտք է արժանին մատուցել նախարար Քլինթընին՝ այսպիսի դրական քայլ մը կատարելուն համար, սակայն, միաժամանակ պէտք է զայն մեղադրել՝ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր իր այցելութիւնը նուազեցնելու նպատակով՝ այսքա՛ն անիմաստ քայլերու ձեռնարկելուն համար: Ան ինչո՞ւ այդքան մտահոգ է թուրքերով, որոնք առանց երկմտանքի կը խոչընդոտեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան՝ վերջին ամիսներու որեւէ նախաձեռնութիւն:
Ցաւօք, նախարար Քլինթըն, փոխնախագահ Պայտըն եւ նախագահ Օպամա շատ հեռացած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրենց նախընտրական խոստումներէն:
Յուլիս 5ին Քլինթընի կարճատեւ այցելութիւնը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր ողջունելի է իբրեւ առաջին քայլ, որ, սակայն, անբաւարար է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելու անոր պաշտօնական յանձնառութեան դիմաց:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր