Էջը Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Միօրինակութիւնը Կը Խանգարէ՞ Ձեր Ամուսնական Կեանքը
1.- Ձեր կարծիքով, զոյգի մը կեանքին մէջ միօրինակութիւնը՝
ա.- Անխուսափելի է։
բ.- Բնական երեւոյթ է։
գ.- Անկասկած որ սէրը կը սպաննէ։
2.- Տան ընթացիկ գործերուն գծով՝
ա.- Սկիզբէն գործերու բաժանում կատարած էք։
բ.- Օրը օրին կը դասաւորէք։
գ.- Չէք համաձայնիր եւ յաճախ կը վիճիք։
3.- Ձեր տարեկան արձակուրդը կ՚անցընէք՝
ա.- Նոյն վայրին մէջ քանի որ գոհ մնացած եւ սիրած էք։
բ.- Արգելք չունիք նոյն վայրը վերադառնալու, մանաւանդ եթէ լաւ յիշատակներով վերադարձած էք։
գ.- Տարբեր վայրերու մէջ, միօրինակութենէ խուսափելու նպատակով։
4.- Շաբաթներէ ի վեր ձեր օրերը իրարու կը նմանին՝ նոյն ծանօթները, նոյն ծրագիրները, նոյն զրոյցները…
ա.- Այս վիճակը չ՛անհանգստացներ ձեզ։
բ.- Քանի մը շաբաթը տանելի է, բայց՝ ոչ աւելի…
գ.- Արդէն զզուած էք եւ ելքի մը մասին կը մտածէք։
5.- Ձեր կողակիցին մէջ ի՞նչ կը փնտռէք։
ա.- Որ ձեզի նմանի։
բ.- Որ հաւասարակշռուած ըլլայ։
գ.- Որ օրական զարմացնէ ձեզ։
6.- Երբ երիտասարդ տարիքի էիք,
ա.- Հանդարտ եւ տունը քաշուած անձ էիք։
բ.- Կարգապահ եւ դիւրին նկարագրով անձ էիք։
գ.- Ըմբոստ եւ անզուսպ անձ էիք։
7.- Ամուսնանալէ ի վեր ձեր ճաշացուցակը՝
ա.- Գրեթէ նոյն կերակուրներէն բաղկացած է եւ շաբաթական դրութեամբ կը կրկնուի։
բ.- Նոր խոհագիրներով ճոխացած է։
գ.- Շատ մեծ փոփոխութիւն կրած է։
8.- Ձեր կողակիցը իր փաղաքշական խօսքերը՝
ա.- Գրեթէ մոռցած է։
բ.- Առիթներով կը յիշէ։
գ.- Օրական նոր եւ հաճելի խօսք մը կը գտնէ։
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ոչ մէկ հարց ունիք միօրինակ կեանքին հետ, ընդհակառա՛կը, ձեզի ապահովութիւն մը կու տայ, քանի որ անակնկալն ու անսպասելին կ՛անհանգստացնեն ձեզ։ Կը սիրէք պահել ձեր սովորութիւնները եւ կեանքի վերիվայրումներէն կը խուսափիք։
Ամէն առտու նոյն անձին կողքին արթննալը, հետը սուրճ խմելը, գործի երթալը, վերադարձին բոլորով ընթրիքի նստիլը եւ նմանօրինակ սովորութիւններ կայունութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն։
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, լաւ ըմբռնած էք, որ ամուսնական կեանքի մէջ միօրինակութենէն խուսափում չկայ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ընդունած էք զայն։ Դուք ալ երբեմն կ՚ուզէք դուրս գալ ձեր միօրինակ կեանքէն՝ փոխուելու, վերանորոգուելու, բայց վերստին անոր վերադառնալու միտումով։
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, միօրինակ կեանքը անհանդուրժելի է ձեզի համար։ Արկածախնդիր եւ փոփոխութիւնը սիրող անձ էք եւ նոյնը կ՛ակնկալէք նաեւ ձեր կողակիցէն։ Ձեր կարծիքով, միօրինակութիւնը կը սպաննէ սէրը, իսկ փոփոխութիւնը անհրաժեշտ թթուածինն է կեանքը տանելի դարձնելու համար։
Սակայն ուշադիր, յաճախակի փոփոխութիւնները, աննախատեսելի կացութիւնները կրնան անկայուն դարձնել ձեր ամուսնական կեանքը։