ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը աններելի աղճատման ենթարկուած վիճակով բացուեցաւ հանրութեան առջեւ. բացուեցաւ երկրի հոգեւոր եւ պետական բարձրագոյն ղեկավարներու ներկայութեամբ, օրհնութեամբ: (շէնքին նկարը տեսնել էջ 11ի վրայ):
Պատմական շէնքի «նորոգութիւնը» երեք տարի տեւած է ու այս ամբողջ ժամանակահատուածին, այս մասին որեւէ քննադատական խօսք կամ հասարակական բողոք՝ զարմանալիօրէն՝ չէ եղած:
Շէնքը, որ նախապէս, խորհրդային տարիներու վերջին շրջանին, ծառայած էր իբրեւ Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէի կեդրոն, գրեթէ քայքայման վիճակի մէջ կը գտնուէր: Կառավարութիւնը, հաւանաբար իր սուղ միջոցները նկատի ունենալով՝ որոշեց շէնքը փրկելու համար, զայն նուիրել սփիւռքահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Հրայր Յովնանեանին:
Իր սեփականութիւնը դարձուցած այս շէնքը Յովնանեան վերանորոգած է, ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններու՝ ծախսելով չորս միլիոն տոլար: Բացի սեփականատիրոջ անունով ստեղծուած բարեսիրական հիմնադրամէն, շէնքին մէջ տեղ գրաւած են Ամերիկայի հայկական համագումարի գրասենեակները, նաեւ ճաշարաններ, առեւտրական նշանակութեամբ հաստատութիւններ:
Շէնքի պատմական բաժինի արտաքին տեսքը, ի պատիւ բարերարին՝ պահպանուած է: Սակայն, բարերար-ճարտարապետ-քաղաքապետարան-պետութիւն մեղսակցութեամբ, կայ շէնքին գլխուն աւելցուած յարկ մը, որ իր արտաքինով բոլորովին անհամապատասխան է ներքեւի բաժինին:
Այս շէնքին մէջ պատմութիւն կերտուած է Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Համօ Օահանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Հայաստանի Առաջին անկախ հանրապետութեան պետական գործիչներու կողմէ: Այս շէնքի պատշգամէն Արամ Մանուկեան ժողովուրդը հայրենիքի փրկութեան գործին հրաւիրող ճառ խօսած է: Այս շէնքը արժանի էր ամբողջական պաշտպանութեան, պահպանումի՝ ի՛ր իսկական դէմքով, առանց վերնայարկային աղճատումի: Այս շէնքը պատմութեան նշխար մըն է, որուն հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը, պետական յանցաւոր անուշադրութւինը՝ դատապարտելի՛ է: