ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իրենց շարժումին անունը Պոսթընի մէջ 1773ին տեղի ունեցած եւ Բրիտանիոյ դէմ ուղղուած ապստամբական շարժումէն փոխ առնուած, ու վերջերս մեծ աղմուկ բարձրացուցած ծայրայեղ աջակողմեաններու Թէյի շարժումը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային դէմ իր պայքարին ընթացքին, Այօուայի մէջ վերջերս բարաձացուցած է հսկայ ցուցատախտակ մը, ուր Օպամային լուսանկարին կողքին դրուած են գերմանացի եւ ռուս ղեկավարներ Ատոլֆ Հիթլըրի եւ Վլատիմիր Լենինի լուսանկարները, քուէարկողները վախցնելու նպատակով:
Օպամայի, Հիթլըրի եւ Լենինի հսկայ լուսանկարներուն տակ յաջորդաբար դրուած են հետեւեալ պիտակները՝ «Ժողովրդավարական ընկերվարութիւն», «Ազգայնական ընկերվարութիւն» եւ «Մարքսական ընկերվարութիւն»:
Այս նախաձեռնութեան պատասխանատուները բնականաբար կը փորձեն շահագործել Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող եւ Խորհրդային Միութեան դէմ պայքարի օրերէն մնացած այն նախապաշարումը, թէ ընկերվարութիւնը վնասակար եւ ձախողած գաղափարախօսութիւն մըն է: Անոնց մտադրութիւնը այնքան հեռու չէ այս արշաւներէն, որ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան գրեթէ քառորդը մղած է համոզուելու, թէ Օպաման նոյնինքն սատանան է, կամ իսլամ մըն եւ կամ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի մը չէ:
Հետաքրքրական է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այն օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը փորձէ դարմանել ընկերվարութեան մրցակիցը նկատուող գաղափարախօսութեան՝ դրամատիրութեան, «բարիք»ները շահագործելով չափազանցօրէն հարստացած փոքրաթիւ վեռնախաւին պատճառած տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքները: