«Դո՛ւն, խաչբուռն այս, զոր իմ ձեռքովն եմ հիւսեր, ընդունէ՛, Մայր…»
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Յունիս է կրկին. բոլոր վարժարաններու մէջ հասուն, բերրի, հունձքի պահ։
Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, «Մերտինեան» վարժարանէն ներս, մանկապարտէզէն, մինչեւ միջնակարգի աշակերտները, անձկութեամբ կը սպասէին այս պահը, որ այժմ ոմանց աչքերը յուզումով լեցուցած է, սակայն բոլորին սրտերը՝ հպարտութեամբ, ուրախութեամբ։
Կիրակի, Յունիս 20ին, կ.ե. ժամը 4ին տեղի ունեցաւ «Մերտինեան»ի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին վկայուեցան նախակրթարանէն՝ 17, իսկ միջնակարգէն՝ 13 աշակերտներ։ Սրահը լեցուն էր երջանիկ ծնողներով, հարազատներով. ներկայ էին Հոգաբարձութեան անդամներ եւ հիւրեր։
Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու խրոխտ մուտքով. անոնք կատարեցին ամերիկեան եւ ազգային քայլերգներու երգեցողութիւնը, ապա բացման աղօթքը կատարեց վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը։ Ը. կարգը իր տեղը գրաւելէ ետք, Ե. կարգի աշակերտները խմբովին, անգլերէնով արտասանեցին «Success» քերթուածը, որմէ ետք ստացան իրենց վկայականներն ու մրցանակները։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աթիքեանը. ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ իրենց զաւակները այս հաստատութեան յանձնած ըլլալնուն համար, շնորհաւորեց զանոնք, իսկ այս տարուան շրջանաւարտներուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ վարժարանի երգչախումբը, որ ներկաներուն հրամցուց հոգեւոր եւ ժողովրդային երգերու փունջ մը։
Օրուան պատգամաբերն էր Գրիգոր Յովհաննիսեան՝ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը։ Ան շրջանաւարտներուն փոխանցեց հայրենիքի՝ իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն խնդակցութիւններն ու շնորհաւորութիւնները, զիրենք կոչեց «Հայկի ու Արամի ժառանգները» եւ թելադրեց անոնց ըլլալ իրենց նախահայրերուն նման ազատատենչ, քաջ ու հայրենասէր։
Հիւպատոսի կորովի, ներշնչող խօսքերէն ետք, 8րդ կարգի աշակերտները խմբովին արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Հայը Անհայ Ափերուն» քերթուածը: Եւ վերջապէս, իրենց ուսումնական կեանքը միայն այս վարժարանին մէջ անցուցած 14 մերտինեանցիները ստացան իրենց վկայականներն ու մրցանակները։
Ապա, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան, որ անգամ մը եւս, արդար հպարտութեամբ, իր «հունձքը» հրամցուց ծնողաց, ազգին՝ զանոնք կոչելով «Մերտինեան» վարժարանի արժանաւոր դեսպաններ: Ան անգամ մը եւս յիշեցուց անոնց ստացած ուսման, կրթութեան ու դաստիարակութեան մասին, եւ շեշտեց, թէ ո՛ւր ալ երթան, պարտին զանոնք իրենց հետ տանիլ՝ իբրեւ կռուան, վահան։
Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի օրհնութեան աղօթքով հանդիսութիւնը վերջ գտաւ, ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Կլենտէյլի «Փալատիօ» ճաշասրահը, ուր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-խրախճանքը։
Ե. կարգի աւարտականներու պաշտօնական մուտքէն ետք, հասան Ը. կարգի շրջանաւարտները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բեմ բարձրացաւ ստանալու իր բաժակը, իբրեւ «լաւագոյն մարզիկ», «ամէնէն համեստ», «երաժշտասէր» կամ «ամէնէն պատրաստաբան» աշակերտը։ Ներկաները մեծ հաճոյքով դիտեցին աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած երկու տեսաերիզներ. առաջինը կը ներկայացնէր իրենց մանկութիւնն ու աշակերտական տարիները, իսկ երկրորդը՝ իրենց նուիրեալ դասատուներն ու տնօրէնը, որոնց շնորհակալութիւն յայտնելու համար, անոնք երգեցին ու արտասանեցին ծնողքի մը կողմէ պատրաստուած կտոր մը։ Խանդավառութիւնը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր։
Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 18ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Շրջանաւարտները՝ թիւով 23, ներկայացուցին գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը. անոնք արտասանեցին, երգեցին, պարեցին եւ ապա ստացան իրենց առաջին վկայականը։
Աչքը լոյս բոլոր ծնողներուն. վարձքը կատար կրթական մշակներուն եւ բարի երթ ու յաջողութիւն բոլոր շրջանաւարտներուն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)