ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի, Յուլիս 18ին հիմնովին հերքեց այն շշուկները, թէ Հայաստանի սահմանը կրնայ բացուիլ մօտ օրէն։ Անդրադառնալով այն լուրերուն, ըստ որոնց՝ Հայաստանի սահմանադուռը կրնայ բացուիլ ՆԱԹՕի ռազմախաղերու օրերուն՝ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ այդպիսի բան մը չկայ։
Տաւութօղլու նաեւ ըսաւ, որ կառավարութեան օրակարգին վրայ Հայաստանի սահմանը բանալու հարց մը գոյութիւն չունի։ Սահմանները բանալու մասին վերջերս հրատարակուած լուրերը անհիմն են. ոչ մէկը այսպիսի բան թող սպասէ:
Տաւութօղլու բացատրեց, որ Կարսի կուսակալութեան հետ ունեցած էին կարծիքի փոխանակումներ այն մասին, թէ ի՞նչպէս կարելի է ղրկել ՆԱԹՕի օգնութիւնները. սահմանը բանալու շշուկները պարզապէս ծնունդ առած են այդ խորհրդակցութիւններէն։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկին յայտարարած է, որ Անգարա Սեպտեմբեր 11-17ին, Հայաստանի մէջ կայանալիք ռազմափորձերուն առնչութեամբ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ժամանակաւորապէս բանալու հարցը կը քննէ։ Ան միեւնոյն ժամանակ յայտնած է, որ հարցին առնչութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Հայաստան-Թուրքիա սահմանի ժամանակաւոր բացման անդրադարձած է նաեւ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը։ Ըստ թրքական օրաթերթին, հայկական դիւանագիտական անանուն աղբիւր մը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Երեւան չ՛ողջուներ նման զարգացում եւ կրնայ թոյլ չտալ, որ թրքական զինուորական շարասիւնը անցնի Հայաստանի սահմանով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.