
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն վախճանումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի երիցագոյն միաբաններէն եւ Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդ Սմբատ արք. Լափաճեանի, որ շիջեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 17ի առաւօտուն, «Արարատ» տան մէջ, Միշըն Հիլզ։
Այս մասին Ազգ. առաջնորդարանի դիւանի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
«Լուսահոգի սրբազանը աւելի քան 40 տարիներու վաստակ ունի մեր թեմին մէջ։ Եղած է երկարամեայ հովիւ Լոս Անճելըսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր տեսուչ Ս. Խաչ Մայր տաճարին։
«Լուսահոգի սրբազան հօր հոգւոյ խաղաղութեան համար, Կիրակի, 18 Յուլիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցած է Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ։
«Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ սրբազանին կարգադրութեամբ, նոյն օրը, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ անոր բարի հոգիին յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ երկնքի արքայութեան մէջ։ Առաջնորդ սրբազանը Օրենճ Քունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան։
«Վերջին օծման ու թաղման կարգին թուականն ու այլ մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք ատենին։
«Լոյս մշտենջենի յոգնաբեկ աճիւններուն։ Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։