ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի գրասենեակէն Երկուշաբթի, Յուլիս 19 թուակիր հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահը վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Յարութիւն Անտոնեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին 101ամեայ Անտոնեան ներկայացուցած է իր պատմութիւնը, զոր Շիֆ, իր կարգին, յանձնած է իր յառաջացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան քոնկրեսական արխիւին:
Շիֆ, որ նաեւ հեղինակն է Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած ու Հայկական Ցեղասպանութան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին, սոյն արխիւը կազմելու ծրագիրը յղացած էր՝ վերապրողներու վկայութիւններուն ճամբով քոնկրեսականներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար Ցեղասպանութեան իրադարձութիւնները:
Վերապրողներու յուշերը կարելի է յղել Շիֆի Փասատինայի գրասենեակէն Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.