ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի Երկուշաբթի, Յուլիս 19 թիւի խմբագրական-կարծիքներ բաժինին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղի արուեստի պատմութեան դասախօսներէն Հեղնար Ուաթընփաու (Զէյթլեան) գրած է ներկայիս «Կեթի» թանգարանին մէջ գտնուող հայ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի «Զէյթունի աւետարան» գործին 7 էջերուն պատկանելիութեան շուրջ բացուած դատին մասին:
Տալէ ետք աւետարանին պատմութիւնը եւ մատնանշելէ ետք, թէ անոր ճակատագիրը զուգորդուած է Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան հետ, նկատի ունենալով, որ ան անհետացած էր Ցեղասպանութեան օրերուն եւ հատորը մասնատուած է հայութեան նման՝ ան կը գրէ, թէ պատկանելիութեան հարցին կողքին, պէտք է վճռել, թէ այդ ստեղծագործութեանց ինչպէ՞ս պէտք է մօտենալ. անոնք արուեստի՞ գործ են, թէ ոչ կրօնական առարկայ:
Հեղնար Ուաթընփաու նաեւ հետաքրքրական կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ հայկական մշակութային կոթողներ քանդող Թուրքիոյ իշխանութիւնները անձայն կը մնան այս հարցին նկատմամբ, հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս արուեստի այլ գործերու վերատիրանալու համար յաճախ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն անոնք:
Յօդուածի աւարտին, ան կ՛առաջարկէ գտնել միջին եզր մը, որպէսզի հայկական մանրանկարչութեան այս արժէքաւոր օրինակները օգտագործելի ըլլան թէ՛ Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ թէ մշակութասէր հասարակութեան կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.