ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Անառարկելիօրէն կ՛ապրինք ազգային մեր յիշողութեան վերականգնումի նշանակալից ժամանակաշրջանը։
Նոր դարաշրջան թեւակոխած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի այսօրուան ու վաղուան ուղին գաղափարականօրէն լուսաւորելու, այլեւ հունաւորելու կենսունակ շարժում մը, ամէնո՛ւր, համակած է հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքները։
Կը վերաբացուին հայոց պատմութեան մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի՝ ազգային բախտորոշ նշանակութեամբ էջերը, կը հրապարակուին Ազգային Արխիւի փականքի տակ պահուած աղբիւրները եւ նորովի ընթերցման, ուսումնասիրման ու գնահատման բանավէճերու կ՛արժանանան ազգային մեր մտածողութեան մէջ արմատացած հակասական պատկերացումները ինչպէս անհատ դէմքերու, հասարակական շարժումներու եւ կուսակցութիւններու, նոյնպէս ալ քաղաքական, մշակութային եւ լայն ընդգրկումով քաղաքակրթական մեր ընտրանքներուն ու արեւելումներուն վերաբերեալ։
Ակներեւ է կենսունակութիւնը եւ կասկածէ վեր է, որ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սեմին Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին ազգային ինքնահաստատման նոր երկունքի հանգրուան մը։
Ընդհանուր արժեւորումով դրական է, անշո՛ւշտ, ազգովին մեզ համակած ինքնաճանաչման նորօրեայ այս շարժումը։ Եւ ճիշդ այդ դրակա՛նը պահպանելու, զարգացնելու եւ արմատաւորելու նախանձախնդրութեամբ, հայ քաղաքական միտքը իրաւունք չունի անտեսելու վերանորոգման ջինջ հոսանքին խառնուած պղտոր ջուրերը, մանաւանդ՝ անցեալի կեղտաջուրերէն յամեցող… թոյները։
Ազգային մեր յիշողութեան վերականգնումի շարժումը նոր չսկսաւ հարկաւ։ Անոր սկզբնական խմորումները կ՛երթան մինչեւ 1970ականները, երբ Վիեթնամեան թնճուկի հանգուցալուծումով ու Պաղ Պատերազմի աւարտով, Երկաթէ Վարագոյրը աստիճանաբար վերցուեցաւ եւ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը արագ քայլերով թեւակոխեցին կամուրջներու հաստատման փուլը։ Իսկ 1988ի Արցախեան պահանջատիրական շարժումով ամբողջապէս շղթայազերծուեցաւ եւ համաժողովրդական պոռթկումի թափ ստացաւ հայ ազգային ինքնութեան ու յիշողութեան վերականգնումի կենսունակութիւնը։
Այդ ժամանակ ալ կողք–կողքի կը հոսէին թէ՛ ինքնամաքրման, թէ՛ լճացման տանող ջուրերը։ Մեծ Եղեռնին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կը կառուցուէր, առանց Ապրիլ 24ը ազգային սուգի պետական տօն հռչակելու։ Կը կառուցուէր Սարդարապատի յուշահամալիրը, բայց միաժամանակ կը շարունակուէր Մայիս 28ի ուրացումը։ Աշխարհի կարեւոր մայրաքաղաքներուն մէջ Հայ Դատի ուժական պայքարը լռութեան պատեր կը քանդէր, բայց նոյնինքն Հայրենիքի մէջ բրտօրէն լռութիւն կը պարտադրուէր հայրենի հող եւ ազգային պետականութիւն ու անկախութիւն պահանջող ձայներուն։
Նոյնօրինակ խառն հոսանքով հունաւորուեցաւ 1988էն ետք հայ իրականութիւնը փոթորկած ազգային–ազատագրական զարթօնքի շարժումը։ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու անկախացման զօրաշարժի ղեկին յայտնուեցան, Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը մերժելու գնով, Թուրքիոյ հետ բարի–դրացիութիւն առաջադրող գործիչներ։ Ղարաբաղի վերամիացման համար «մինչեւ վերջ պայքար» յայտարարողները օր մըն ալ բացայայտեցին «խաղաղութեան աղաւնի»ի իրենց պարտուողական կտուցն ու ձիթենիի հաշտարար շիւղը։ Մինչեւ որ երկու տարի առաջ եկաւ այն պահը, երբ «պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» երկընտրանքի «պատերազմիկ» կողմի ներկայացուցիչ հռչակուած Հայաստանի նախագահը հրապարակ նետեց առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները «բնականոնացնելու» եւ «կարգաւորելու» իր… ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը։
Ահա թէ ի՛նչ առումով հայ քաղաքական միտքը դէմ յանդիման կանգնած է, ազգային յիշողութեան վերականգնումի ու ազգային ինքնութեան մաքրազտման այս ժամանակներուն, պատմական արժեչափերու վերանայման հրամայականին։
Գլխաւոր մարտահրաւէրը, անկասկա՛ծ, խորհրդային «դարաշրջան»ի արժեւորման հարցն է։ Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան մէջ ի՞նչ տեղ եւ արժէք պէտք է ունենայ 2 Դեկտեմբեր 1920էն մինչեւ 21 Սեպտեմբեր 1991 երկարած 70ամեայ ժամանակաշրջանը։ Աւելի՛ն. ազգային–պատմական ի՞նչ արժեչափերով պէտք է կատարուի վերագնահատումը խորհրդային «դարաշրջան»ի հայ կեանքին, մեր կրած վնասներուն եւ հարուածներուն, մաքառումներուն եւ ձեռքբերումներուն, անկումին եւ վերելքին, բայց մանաւանդ առաջատար դէմքերու ազգային արժանաւորութեան ու պատմական նշանակութեան։
Հայ քաղաքական միտքը որոշակի իմաստով «կապուած ձեռքերով» թեւակոխեց ազգային մեր յիշողութեան վերականգնումի ներկայ հանգրուանը։ Այն պահէն, որ վերանկախացեալ Հայաստանի ժողովրդընտիր իշխանութեանց կողմէ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ հայոց պատմութեան նորագոյն ու ժամանակակից շրջանը կը բաղկանայ իրերայաջորդ Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հանրապետութիւններէ, որոնք մէկ ու բնական ամբողջութիւն կը կազմեն, այդ խառնաշփոթէն իսկ զգալի դարձաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին կաշկանդուածութիւնը։
Փաստօրէն ի յառաջագունէ ազգային մեր յիշողութեան վերականգնման ճիգերը դատապարտեցան ներքին կաշկանդումի, երբ հուր ու սուրով հայ ժողովուրդին պարտադրուած տիրապետութիւնն ու բռնակալ լուծը պաշտօնապէս ընկալուեցաւ եւ արժեւորուեցաւ իբրեւ ազգային ընտրանք, թէկուզ ակամայ ընտրանք։
Խորհրդային լուծի «դարաշրջան»ը այդպէս թեթեւօրէն, բայց պաշտօնապէս «Երկրորդ Հանրապետութիւն» հռչակելու իշխանութեանց քայլին համակերպելով, մեր սերունդները ակամայ մեղսակից դարձան հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան վերականգնումը արգելակող խոտորումին։
Չենք անտեսեր, որ հարցը կը վերաբերի հայ ժողովուրդի կեանքին ամբողջ 70ամեայ մէկ ժամանակաշրջանին, որ ըստ ամենայնի եղաւ բախտորոշ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը իբրեւ Պետական Ազգ ամբողջական կործանումէ փրկելու իմաստով։ Բայց խօսքը կը վերաբերի ճիշդ այդ գնահատականը առաջնորդող արժեչափի՝ ուղենիշի վերածելու հրամայականին։ Խորհրդային «դարաշրջան»ը մենք իրաւունք չունինք ընկալելու իբրեւ հայ ժողովուրդին ընտրանքը, թէկուզ ակամայ ընտրանքը, եւ խորհրդային տիրապետութիւնը այդպէս՝ պաշտօնապէս հռչակելու իբրեւ «Երկրորդ Հանրապետութիւն», որ իրարու կը կապէ, իբր թէ, «Առաջին» եւ «Երրորդ» Հանրապետութիւնները։
Պատահական չէ, որ մենք հետեւողականօրէն շեշտը կը դնենք Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան վերականգնումին վրայ։ Չենք ուրանար, ոչ ալ կ՛արհամարհենք ներդրումը հայ քաղաքական այն ուժերուն եւ գործիչներուն, որոնք խորհրդային լուծի տակ, իրենց կեանքը վտանգելու եւ զոհաբերելու գնով, իրաւատէր կանգնեցան թէ՛ ազգային մեր իրաւունքներուն, թէ՛ մանաւանդ ազգային մեր յիշողութեան ու արժէքներու համակարգին պահպանման։ Բայց այդօրինակ բացառութեանց արժեւորումը չի կրնար կատարուիլ խորհրդային տիրապետութեան հաշւոյն առաւելներ արձանագրելու տրամաբանութեամբ։ Ընդհակառակն՝ այդ ճամբով մեր ժողովուրդը հաստատեց եւ ամրագրեց ամէն կարգի օտար լուծի դէմ իսկ իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու, զարգացնելու եւ վերականգնելու կենսունակութիւնը։
Միայն ա՛յդ արժեչափով կարելի է ազգային յիշողութեան վերականգնումի մերօրեայ կենսունակ շարժումը պաշտպանել ներքին խոտորումներու եւ կաշկանդումներու դէմ։
Այդ արժեչափերով կատարուելու պարագային, Զարոբեաններու եւ Քոչունեաններու, Արութիւնովներու եւ Միկոյեաններու վերագնահատման այսօրուան փորձերը կը գտնեն իրենց ազգային հունը։
Ամէն անգամ, որ Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան առաջին ալիքով եւ արբանեակային հեռարձակումով կը ներկայացուին խորհրդային դարաշրջանի հայ գործիչներն ու դէպքերը, առանց ազգային–պատմական արժեչափերու կիրարկումին, փաստօրէն հարուածի տակ կ՛առնուի մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան վերականգնումի մեծ աշխատանքը։
Եկած է ժամը, եթէ շատ ուշացած չենք արդէն, որպէսզի արմատական վերանայումի ենթարկուի խորհրդային լուծի «դարաշրջան»ը՝ յանուն ազգային–պատմական մեր ուրոյն արժեչափերով հայ ազգային յիշողութեան վերականգնումին։