ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պահեստը հրապարակած է երկիրի տնտեսութեան վերաբերեալ իր կանխատեսումները։ «Էսոշիյէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պահեստին ներկայացուցիչները մտավախութիւն ունին, որ եւրոպական ճգնաժամը կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան եւ քաղաքացիներու աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովելու հեռանկարներուն վրայ։
Պահեստը կ՛ակնկալէ, որ 2010ին ամերիկեան տնտեսութեան աճը (ընդհանուր ներքին արտադրութիւնը) ըլլայ 3-3.5 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ։ Այս ցուցանիշը աւելի ցած է Ապրիլին հրապարակուած ցուցանիշէն, որ 3.2-3.7 առ հարիւր էր։
Անգործութեան մակարդակին պարագային, կանխատեսումը 9.5 առ հարիւր է (ապրիլեան ցուցանիշը 9.1 առ հարիւր էր)։ Վերլուծաբաններու կարծիքով, սղաճի հաւանականութիւնը աւելի ցած է, եւ կ՛ակնկալուի, որ 2010ին գիները աճին 1-1.1 առ հարիւրով (Ապրիլին այդ թիւը 1.2-1.5 առ հարիւր էր)։
Ամերիկացի փորձագէտներու կարծիքով, ամերիկեան տնտեսութեան վերականգնումը կը շարունակուի, սակայն բնակարանային եւ ելեւմտական շուկաները դեռ բաւական տկար են։ Այս գործօնները եւ անգործութեան բարձր մակարդակը պատճառ կը դառնան, որ սպառողական մակարդակը ցած մնայ՝ բացասաբար ազդելով տնտեսական աճին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.