ՊԷՅՐՈՒԹ.- Անցեալ շաբաթավերջին Եգիպտոս մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը՝ իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՀՄԸՄ «Արարատ» խումբի հիմնադրութեան 96ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս տեղի ունենալիք պասքեթպոլի մրցաշարքին՝ ՀՄԸՄ Գահիրէի հրաւէրով։
Իր ունեցած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Լիբանանը 85-52 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Աղեքսանդրիոյ, ապահովեց իր առաջին բաժակը։ ՀՄԸՄ Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեւակ Քեթենճեանը (22 կէտ)։
ՀՄԸՄ Լիբանանը իր երկրորդ մրցումը պիտի ունենայ ՀՄԸՄ «Արարատ»ի դէմ։ Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Լիբանան այլ բաժակ մըն ալ պիտի շահի։
Նշենք, որ Եգիպտոս իր այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ Լիբանանի մարզիկները այցելեցին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդարան, Եգիպտոսի թանգարանը եւ այլ վայրեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.