ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 5ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403), որուն ընթացքին Հերըլտ Աւետիս Տեմիրճեան պիտի քննէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ Հայկական միացեալ խորհուրդ մը ստեղծելու կարելիութիւնները:
Խորհուրդը, որուն մաս կրնան կազմել կրօնական, մարդասիրական, մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, կրնայ հայութեան միացեալ ձայն մը ապահովելու երկարամեայ երազին իրականացման նախաքայլը ըլլալ:
Հերըլտ Աւետիս Տեմիրճեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC) Մագիստրոսի տիտղոս ստացած է քարիւղի մարզին մէջ, որմէ ետք աւելի քան 30 տարի, աշխատած է քարիւղի «Կեթի» ընկերութեան հետ՝ քարիւղ արտահանելու աւելի արդիւնաբեր միջոցներ հնարելով: Ան վերջին տարիներուն խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ քարիւղի մասին ու մարդասիրական սպասարկութիւններ կը կատարէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ:
Տեմիրճեան գլխաւոր խորհրդատուն էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորած միջազգային խմբակին, որ Հայաստանի մէջ քարիւղի կամ բնական կազի հանքեր գտնելու կարելիութիւններ քննած էր: Ան նաեւ հիմնադիրներէն մէկն է «Արփա» հիմնարկին եւ վարչական պարտականութիւններ ստանձնած է հայկական շարք մը կազմակերպութեանց մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնակին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 453-0168 թիւին կամ info@arpainstitute.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.