Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ յստակացած են թատերագրութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» երկտարեկան մրցանակի աւարտականին հասած երեք թատերագիրներուն դատակազմին անդամներուն անունները:
Դատակազմին անդամները պիտի ըլլան՝ Բրիտանիոյ ամենայայտնի թատերագիրներէն Մարք Ռէյվընհիլ, «Թոնի» մրցանակին արժանացած եւ Նիւ Եորքի «The Public Theater» թատրոնի արուեստի բաժանմունքի վարիչ Օսքար Եուսթիս, ինչպէս նաեւ Ռոտ Այլընտի «Trinity Repertory Theater» թատրոնի արուեստի բաժանմունքի վարիչ Քըրթ Քոլոմպըս:
Մրցանակակիրը, որուն անունը յայտնի պիտի դառնայ Սեպտեմբեր 30ին, երեկոյեան ժամը 6էն 9 կայանալիք մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին պիտի ստանայ 10,000 տոլարի մրցանակ մը: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Boulevard, Burbank):
Աւարտականին հասած են՝ Ճոնա Էտըմզ՝ իր «Հռիփսիմէ» գործին համար, որ նուիրուած է սուրբ Հռիփսիմէի կեանքին, ինչպէս նաեւ Սեւան Կրին («Մոռցուած հացը») եւ Սիլվա Սեմերճեան («Ուրիշի զաւակը»): Այս վերջին երկու գործերէն առաջինը կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վերապրումի նիւթին՝ հիմնուած ականատեսներու վկայութեան վրայ, իսկ երկրորդը, որ տեղի կ՛ունենայ 1958ին, Պէյրութի մէջ, կը զննէ Ցեղասպանութեան ոչ բացայայտ հետեւանքները հայ ընտանիքի մը պատմութեան ընդմէջէն:
Մրցանակաբաշխման տոմսերուն սակը 50 տոլար է, իսկ տոմսերը պիտի սկսին վաճառուելու Օգոստոսին:
Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկին կողմէ 2007ին հաստատուած մրցանակին տնօրինումը յանձնուած է Հայկական թատերական արուեստներու միութեան, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կամ հանդիսութեան տոմսերը ապահովելու համար, այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը, կամ նամակ մը յղել adaa@armeniandrama.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.