ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Ռուսիոյ մէջ երաշտը պատճառ դարձած է Հայաստանի մէջ հացի գիներու 20-25 տոկոսի բարձրացման: Ըստ տնտեսագէտներու, կը սպասուի ցորենէն պատրաստուած սննդամթերքներու գնաճ, որովհետեւ նշեալ երաշտը Ռուսիոյ մէջ, ուրկէ կը ներմուծուի Հայաստանի ցորենի պահանջարկին շուրջ 80 տոկոսը, վերջին 120 տարիներու ընթացքին ամենածանր երաշտն է:
Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանները, սակայն, կը վստահեցնեն, որ արդէն իսկ սկսած սղութիւնները հիմք չունին, քանի որ ալիւրի բաւական պաշար կայ պահանջքը բաւարարելու, եւ ատիկա գիներուն վրայ պէտք չէ ազդէ, այդուհանդերձ, աշնան բերքէն ետք, մասնագէտները կ՛ակնկալեն մինչեւ 30 տոկոսի գնաճ:
Երեւանի եւ մարզերու խանութներուն մէջ, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին, հացի գինը բարձրացած է 10-20 դրամով, իսկ ալիւրի պարկին գինը՝ շուրջ 2000 դրամով:
Ըստ տնտեսագէտ, կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ Բագրատ Ասատրեանին, գիներու բարձրացման հիմնական պատճառը, ոչ թէ Ռուսիոյ եղանակային պայմաններն են, այլ՝ Հայաստանի տնտեսութեան մենաշնորհեալ ըլլալը:
«Այստեղ գործում է մէկ տրամաբանութիւն. եթէ միջազգային շուկայում գները բարձրանում են, ապա դրանք բարձրանում են նաեւ Հայաստանում. եթէ միջազգային գներն իջնում են, ապա Հայաստանում, միեւնոյն է, բարձրանում են», յայտնած է Ասատրեան, ըստ որուն, 2008-2009ի ընթացքին միջազգային շուկային մէջ գիները նուազած են շուրջ 50 տոկոսով, մինչդեռ Հայաստանի մէջ նման գիներու անկում տեղի չէ ունեցած, «քանի որ ներկրումը եւ ողջ տնտեսութիւնը մոնոփոլիզացուած (մենաշնորհուած) են ու կենտրոնացուած մի քանի անձանց ձեռքում», բացատրած է տնտեսագէտը:
Նշենք, որ Հայաստանի ցորենի ներքին պահանջքին շուրջ 60 տոկոսը կը ներմուծուի, բան մը, զոր կ՛իրականացնեն երկու ընկերութիւններ՝ «Մանանա Գրէյն»ը եւ պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի պատկանող «Ալեքս Գրիգ»ը. տնտեսագէտները վստահ են, որ ցորենի շուկան շուրջ 50 տոկոսով գրաւած «Ալեքս Գրիգ» ընկերութիւնը պարզապէս գերշահոյթներ կը ստանայ։
Այս տարի անբարենպաստ եղանակին պատճառով, Հայաստանի մէջ 17-21 տոկոսով աճած են նաեւ բանջարեղէնին ու միրգերուն գիները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.