ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի յանձնարարութեամբ, «Ջրային կառոյցներ» ընկերութեան (ՓԲԸ) մէջ ստեղծուած է «լուալու եւ մաքրութեան» յատուկ ծառայութիւն, որ պիտի զբաղի մայրաքաղաքի ջրաւազաններու մաքրութեամբ: Արդիական 5 մեքենաներու շնորհիւ, ամբողջութեամբ պիտի մաքրուին եւ պիտի ախտահանուին ջրաւազանները:
Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան 16 ջրային կառոյցներուն խնամքը արդէն իսկ կ՛իրականացուի այս մեքենաներով: Մասնագիտացած խումբը ամէն շաբաթ պիտի իրականացնէ մայրաքաղաքի ջրային կառոյցներու մաքրութիւն: Նշենք, որ արդիական այդ մեքենաներու ձեռքբերման համար ծախսուած է 6 միլիոն տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.