ԱՉՔԻՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՑԱՆՑԱՄԱՇԿԸ
Յունիսի սկիզբը բրիտանացի ակնաբուժներ զգուշացուցած են լէյզըր ճառագայթներ արտադրող մատնանիշ ընող ցպիկները աչքերուն ուղղելէ, նկատի ունենալով, որ անոնք լրջօրէն կը վնասեն աչքերուն։
Այսուհանդերձ, վերջերս բրիտանացի խումբ մը ակնաբուժներ դարմանած են պատանիի մը աչքերը, որոնք վնասուած են լէյզըր ճառագայթներ արձակող ցպիկէն, որ պատանին իր աչքերուն ուղղութեամբ բռնած է որոշ ատեն մը։ Ակնաբուժները յայտնած են, թէ լէյզըր ճառագայթները այրած են անոր աչքերուն մակերեսին գտնուող հիւսկէնները, ինչպէս նաեւ վնասած են աչքերուն ետեւ գտնուող ու լոյսէն ազդուող կիսաթափանց ցանցամաշկը՝ այդպիսով պղտորելով անոր տեսողութիւնը։
Բրիտանիոյ մէջ Առողջապահութեան պաշտպանութեան գործակալութիւնը նախապէս տեղեակ չէ պահուած լէյզըր ճառագայթներ պարունակող նման ցպիկներու յառաջացուցած վնասներուն մասին։ Նաեւ նշեալ գործակալութեան ներկայացուցիչներէն մէկը ըսած է, թէ այդ ցպիկներուն գործածութիւնը երբեք ալ վտանգաւոր չէ նկատուած, քանի որ սկզբունքով անոնք այնպէ՛ս պատրաստուած են, որ անոնց պարունակած լէյզըր ճառագայթներուն ունեցած տարողութիւնը անվնաս սահմաններու միջեւ եղած է։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, նշեալ ցպիկները պատրաստող կարգ մը ընկերութիւններ սկսած են չյարգել լէյզըր ճառագայթները անվնաս տարողութիւններու միջեւ գործածելու սկզբունքը։
Ակնաբուժները բացատրած են, որ աչքերուն մակերեսը շատ աւելի արագօրէն կը վնասուի, երբ լէյզըր ճառագայթներուն աչքերուն մէջ թափանցելէն ետք մարդիկ շարունակ կը քերեն զանոնք։
Մասնագէտներուն համաձայն, պատանիին աչքերուն ցանցամաշկը վնասուած է ցպիկներէն արձակուած կանաչ գոյն լէյզըր ճառագայթներուն պատճառով, որոնք բաւական ազդեցիկ ճառագայթներ են, մասնաւորաբար՝ աչքին նման զգայուն օրկանի մը համար։ Հետեւաբար անոնք յանձնարարած են, որ այդ ցպիկները պարունակեն նուազ քան մէկ միլլիուաթ ուժ ունեցող լէյզըր ճառագայթներ, որոնք ցարդ որեւէ ձեւով չեն վնասած մարդկային մարմնին տարբեր հիւսկէններուն։
ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԵՏՔ՝ ՈՐՈՇ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ՝ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ
Մասնագէտները տարբեր սարքերով քննած են պատանիին աչքերը եւ գտած են, թէ անոր ցանցամաշկին կեդրոնական բաժինը վնասուած է, ինչ որ պատճառ դարձած է բծատեսութեան. այլ խօսքով, անիկա մութ գոյն բիծեր տեսած է որեւէ առարկայի նայած ատեն, ինչպէս նաեւ պղտոր տեսողութիւն ունեցած է. նաեւ նշեալ սարքերը այրուածքներ ցոյց տուած են պատանիին աչքերուն մակերեսին վրայ։
Պատանիին աչքերը դարմանող մասնագէտներէն տոքթ. Քիմիա Զիահոսէյնի ըսած է, որ թէեւ դարմանումէն երկու ամիս ետք որոշ չափով բարելաւուած է անոր տեսողութիւնը, սակայն ցանցամաշկին վնասուած բաժինը տակաւին ամբողջութեամբ չէ ապաքինած եւ շատ հաւանաբար այդպէս ալ մնայ երկար ատեն՝ այդպիսով շատ աւելի հակամէտ դարձնելով անոր աչքերը հետագային որոշ բարդութիւններու յառաջացման վտանգին։
Մասնագէտները նշած են, որ լէյզըր ճառագայթներ արտադրող ցպիկներուն պէտք է անպայմանօրէն ընկերակցին անոնց ապահով գործածութեան հետ առնչուած մանրամասն տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ այս վերջիններուն մէջ յստակօրէն նշուի լէյզըր ճառագայթներուն ունեցած տարողութիւնը։
Բրիտանացի այլ մասնագէտ մը՝ Պարպարա Մըքլաֆլեն ըսած է, թէ որքան ալ ապահով ըլլան լէյզըր ճառագայթներ արտադրող ցպիկները, այսուհանդերձ, անոնց չարաչար գործածութիւնը կրնայ լրջօրէն վնասել աչքերուն, նոյնիսկ եթէ միայն քանի մը երկվայրկեան ըլլայ լէյզըր ճառագայթներուն աչքերուն մէջ թափանցած տեւողութիւնը։
«Բժշկագիտական»
էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ