ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը Հինգշաբթի, Յուլիս 29ին յօդուած մը հրապարակած է՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած սահմանադրական փոփոխութեանց ծրարին շուրջ Սեպտեմբներ 12ին կայանալիք հանրաքուէին մասին, ուր կը նշէ, թէ երկրին ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց անդամները շատ հաւանաբար «այո» քուէարկեն:
Փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ թերթի թղթակիցներուն զրոյցներուն ընթացքին ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ փոքրամասնութիւնները կը հաւատան, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն շնորհիւ երկրին մէջ ժողովրդավարական սկզբունքները աւելիով պիտի յարգուին:
Թերթը այս նպատակով հարցուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Քոչունեանի եւ «Ակոս»ի խմբագիրներէն Արիս Նալճըի, ինչպէս նաեւ ոչ իսլամ այլ փոքրամասնութեանց ու անոնց իրաւունքները պաշտղանող իրաւաբաններու կարծիքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.