ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2009-2010 ուսումնական տարուան ընթացքին հանրապետութեան մէջ գործած են երաժշտական, արուեստի, գեղարուեստի եւ մանկապատանեկան ստեղծագործական 222 դպրոցներ ու կեդրոններ, որոնց 45ը՝ Երեւանի, մնացեալը՝ մարզերու մէջ:
Ըստ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն՝ 2009-2010 ուսումնական տարուան ընթացքին՝ մայրաքաղաքին մէջ գործող 45 դպրոցներէն 16ը երաժշտական է, 9ը՝ արուեստի, 1ը՝ գեղարուեստի եւ 19ը՝ մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.