ՊԱՔՈՒ.- ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակէն պաշտօնատար մը ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Չեմ կարծեր, որ վեհաժողովի քաղաքական ղեկավարութիւնը այս (Արցախի) հարցէն պիտի հրաժարի պարզապէս այն պատճառով, որ ատիկա մէկու մը հաճելի չի թուիր։ Գոյութիւն ունի վեհաժողովի քաղաքական պարտաւորութիւն՝ այդ հարցին մէջ որոշ քայլերու ձեռնարկելու»։
Նոյեմբերին կը նախատեսուի Վարշաւայի մէջ ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի հանդիպում, որուն ընթացքին կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանաձեւի որդեգրում։ ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զեկուցում հրապարակելու ծրագիրներ չկան։ Սակայն կը նախատեսուի Վարշաւայի հանդիպման արդիւնքներով որդեգրել միացեալ բանաձեւ մը, որ պարտադիր ուժ չունեցող քաղաքական յանձնարարական մըն է՝ հիմնուած վեհաժողովի անդամներու աշխատանքին վրայ։ «Բանաձեւը կը տարբերի զեկուցումէն, որ կոչուած է հետաքննելու որեւէ հարց, եւ այս կամ այն իրողութեան մասին տեղեկացնելու մարդոց։ Իսկ բանաձեւը պարզապէս Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներու կարծիքն է՝ շօշափելի իրավիճակի մէջ անհրաժեշտ գործողութիւններու մասին», ըսած են աղբիւրները։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ՆԱԹՕի Խորհրդարանական ժողովի նախագահին նամակ մը գրած էր՝ կոչ ուղղելով հրաժարելու ղարաբաղեան հարցի քննարկումէն, որովհետեւ այդ հարցով կը զբաղի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը: Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ այս առնչութեամբ ըսած են, թէ Մինսկի խմբակին հետ խորհրդակցութիւններ պարբերաբար կը կատարուին եւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մարտին, Երեւանի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.