«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա. իր հայրենակիցներուն կոչ ուղղած է աղօթելու անձրեւներու համար, որոնք կրնան երկիրի եւրոպական շրջանները փրկել վերջին օրերուն մոլեգնած հրդեհներէն։ Հրդեհներու հետեւանքով արձանագրուած է առնուազն 40 զոհ եւ տեղահանուած աւելի քան 5263 հոգի։
Հրդեհները բռնկած են անհամեմատօրէն տաք եղանակին պատճառով։ Առայժմ երկրին մէջ բռնկած հրդեհներուն դէմ կը պայքարին աւելի քան 240 հազար հոգի, որոնց շարքին նաեւ՝ զինուորներ։
Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութեանց աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, թէ պատրաստ են 100 հոգինոց խումբ մը Ռուսիա ուղարկելու՝ մասնակցելու համար հրդեհները զսպելու աշխատանքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.