ԹԵՀՐԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երկուշաբթի, Օգոստոս 2ին Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Պարաք Օպամային առաջարկեց Սեպտեմբերին հանդիպում մը ունենալ, ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս՝ քննելու համար միջազգային շարք մը հիմնախնդիրներ:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր, Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մայք Մալըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Իրանի վրայ յարձակելու ծրագիր ունի, սակայն ներկայ հանգրուանին զայն կեանքի կոչել չի փափաքիր։
Պատասխանելով այս յայտարարութեան՝ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի սպայակոյտի պետի տեղակալ Եատոլլահ Ճաւանի յայտարարած է, որ յարձակումի ենթարկուելու պարագային, Իրանի պատասխանը «շատ կոշտ պիտի ըլլայ»։
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ պատերազմ սահմանափակ պիտի չըլլայ: Ան ընդգծեց, որ «Իրան պիտի կանգնի Սուրիոյ եւ շրջանի բոլոր երկիրներուն կողքին եւ կը պատրաստուի շրջանին մէջ որեւէ յարձակումի դիմակայման»։ Նախարարը նշեց նաեւ, որ շրջանէն դուրս կան երկու դերակատարներ, որոնք շրջանին մէջ լարուած մթնոլորտ ստեղծելու եւ կացութիւնը վատթարացնելու շարժումներ կը կատարեն, մասնաւորաբար՝ արեւմուտքի դիմագրաւած տնտեսական տագնապի լոյսին տակ իրենց յատուկ շահերը ապահովելու համար։ Մոթթաքի նշեց, որ այս տարուան ընթացքին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ կատարուեցան շարժումներ եւ սպառնալիքներ, որոնք կը յուշեն, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ պատերազմ մղելու մտադրութիւն ունի։
Ան նաեւ յայտնեց, թէ իր երկիրը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութենէն հիւլէական վարելանիւթի փոխանակման հարցով բանակցութեան շարունակման շուրջ «դրական ցուցանշաններ նշմարած է»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.