
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Փոլիթիքօ».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Օգոստոս 3ին սկսաւ քննելու տարբեր երկիրներու մէջ նշանակուելիք Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն թեկնածութիւնները հաստատելու հարցը, սակայն վերջին վայրկեանին տրուած որոշումով մը, յանձնախումբի նախագահ, դեմոկրատ ծերակուտական Ճան Քերի, ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի պնդումով, որոշեց այս հանդիպման ընթացքին չքննել Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Մեթիու Պրայզայի նշանակման հարցը:
Պրայզայի նշանակման հարցը պիտի քննուի Ծերակոյտի ամառնային արձակուրդէն ետք, այսինքն՝ Սեպտեմբերի սկիզբը:
Յուլիս 22ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը քննարկած էր Պրայզայի թեկնածութեան հարցը։ Քննարկումներուն ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Պրայզա նեղ կացութեան մատնուած էր, երբ ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր եւ Ռապըրթ Մենենտեզ Պրայզայի առջեւ բարձրացուցած էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցած այն մտահոգութիւնները, թէ Պրայզան շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի քաղաքական գործիչներու հետ, ու միակողմանի դիրքորոշում՝ ի վնաս Հայաստանի:
Շեշտուած էր նաեւ, թէ Պրայզայի թուրք կինը կ՛աշխատի Ուաշինկթընի «Հատսըն» հիմնարկին մէջ, որ նիւթական յատկացումներ կը ստանայ Ատրպէյճանի հետ համագործակցող քարիւղի ընկերութիւններէն, ինչ որ թոյլ չի տար ամերիկացի դիւանագէտին անկողմնակալ ըլլալ: Նաեւ նշուած էր, թէ Պոլսոյ մէջ կայացած Զէյնօ Պարանի եւ Պրայզայի ամուսնութեան ծախսերը հոգացած էր Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախկին նախարարը։
Յայտնենք, թէ անցեալ տարուան Յուլիսէն ի վեր, Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանի մօտ դեսպան չունի:
Յատկանշական է, որ անցեալ շաբթուան սկիզբը Պրայզայի անունը չկար քննուելիք դեսպաններու ցանկին վրայ, սակայն անցեալ Ուրբաթ օր Քերի որոշած էր անոր անունը ցանկին վրայ աւելցնել՝ բացատրելով, որ Պրայզա վերջապէս ամբողջութեամբ պատասխանած էր ծերակուտականներուն ներկայացուցած բոլոր գրաւոր հարցումներուն: