ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներ բնակող կիպրացի յոյները Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատական դիմում ներկայացուցած են՝ պահանջելով 170 միլիոն տոլարի հատուցում։
Կրօնական եւ ցեղային մաքրագործման փաստերով, դատական դիմումը կիպրացի յոյներուն կողմէ Ուաշինկթընի շրջանային դատարան ներկայացուցած է փաստաբան Աթհան Ցիմպետեսը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Լոս Անճելըսէն եւ Նիւ Եորքէն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները դիմում ներկայացուցած էին ընդդէմ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ երկու դրամատուներու՝ իրենց անշարժ եւ շարժական գոյքերուն, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաշիւներու կորուստին դիմաց հատուցում պահանջելով։ Փաստաբանները նշած էին, որ ասիկա առաջին դէպքն է, ուր ուղղակի Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատական դիմում կը ներկայացուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.