ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ հանրապետութեան կանուխ շրջաններուն փոքրամասնութիւններու դէմ բնաջնջումի քաղաքականութեան մասին, թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ այս շաբաթ շատ կարեւոր անդրադարձ ունի լրագրող ու հրապարակագիր Ահմետ Ինսել, որ կը գրէ «Տիփ-Նօթու» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի մը մասին:
«Ընդհանուր Քննիչներու Ժողովի Ատենագրութիւնները» հատորին մէջ լոյս տեսած են 1936ին կայացած այդ ժողովին ընթացքին ընդհանուր քննիչներու ելոյթներն ու թելադրութիւնները, յատկապէս զանազան փոքրամասնութիւններուն կամ ոչ թուրք խմբաւորումներուն դէմ։ Երբ փոքրամասնութիւն կ՛ըսուի, միայն այսօրուան յայտնի երեք փոքրամասնութիւնները չէ որ կը հասկցուի )հայ, յոյն, հրեայ), այլ կը հասկցուին նաեւ չէրքէզները, փոմաքները, քիւրտերը։
Օրինակ, առաջին ընդհանուր քննիչ Քեազըմ Տիրիք կը յայտնէ, թէ իր հողատարածքին վրայ կ՛ապրին չէրքէզներ, փոմատներ ու հրեաներ։ Կը յիշեցնէ, թէ զինադադարի ու ազգային ազատագրումի պատերազմի օրերուն չէրքէզներն ու փոմատները իրարու միանալով՝ վնաս հասցուցած էին թուրքերուն, սակայն «Հիմա այլեւս բոլորն ալ պատուով աշխատանք կը տանին ու ոեւէ մէկուն վնաս չունին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք չէ ուշադրութեամբ հետեւինք անոնց»։ Ան կ՛աւելցնէ. «Մենք չէրքէզներու թիւին չդպանք»։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ հայերու կամ քիւրտերու բնակչութեան թիւերուն «կրճատումներ»ուն նման կրճատումներ միշտ հաւանական կը նկատուէր տեղացի ժողովուրդին կողմէ. միշտ ալ առկայ էր այդպիսի վախ մը։
Այնուհետեւ Տիրիք կ՛անդրադառնայ հրեաներու կացութեան, ու կ՛ըսէ, թէ որքա՛ն ալ տարօրինակ թուի հիմա խօսիլ հրեաներուն մասին, պայման է, որ խօսինք, որովհետեւ հրեաները ճարտարարուեստը ձեռք առած են, տնտեսական ցանցերու մէջ մտած են ու կազմակերպուած են։ «Երկար տարիներէ ի վեր անոնք այս երկրին արիւնը քամած են։ Ուրեմն այս խաղաղ բնակչութեան դէմ եւս տնտեսական փոխադարձ միջոցառումները պայման են», կ՛ըսէ ան։ Այս խօսքերէն ետք, Տիրիք մէկ առ մէկ կը համրէ այն հարուածները, զորս հասցուցած են հրեաներուն։
Միւս քննիչներէն Թահսին Ուզել մտավախութիւն ունի, թէ քիւրտերն ու նախշիները կը վերակենդանանան։ Ան մտահոգ է, որ քիւրտերուն թիւը թուրքերուն թիւին նկատմամբ շարունակ կը բարձրանայ, ուրեմն՝ «Արմատական միջոցառումներու ճիշդ ժամանակն է, պէտք է համեմատութիւնը սրբագրել ու ապահովել թուրքերու հաւասարակշռութիւնը»: Այս ժողովին համար կայացած նախապատրաստական ժողովի մը ընթացքին, այդ շրջանի պետական ղեկավարները քիւրտերու նկատմամբ տարուբերած են երկու քաղաքականութիւններու միջեւ, մէկը՝ բնաջնջումի քաղաքականութիւն, միւսը՝ «Դուք քիւրտ չէք, թուրք էք» ըսելով, զանոնք համոզելու ու ձուլելու քաղաքականութիւնը։
Ուշագրաւ է, որ այս ժողովին ընթացքին խօսողներուն մէջ կան նաեւ հայկական տեղահանութեան պատասխանատու մարդիկ։ Թահսին Ուզել ու ներքին գործոց նախարար Շիւքրիւ Քայա կը գտնուին այն անձերուն շարքին, որոնք տեղահանութեան պատասխանատու նկատուելով՝ անգլիացիներու կողմէ աքսորուած էին Մալթա։ Շիւքրիւ Քայա տեղահանութեան ընթացքին գաղթականներու բաժնի նախագահն էր ու միջոց մը Հալէպ գնաց, որպէսզի հետեւի հայ աքսորեալներու վիճակին։ Ան պաշտօնազուրկ ըրաւ Հալէպի կուսակալ Պեքիր Սամի Պէյը, պնդելով, որ ան բաւականաչափ չէր կիրարկած տեղահանութիւնը, եւ անոր փոխարէն կուսակալ նշանակեց Ապտուլհալիք Ռենտան, որ իրմէ սպասուածը ըրաւ։
Ժողովի ընթացքին ատենախօսները յաճախակի ակնարկութիւններ ըրած են հայոց տեղահանութեան: Օրինակ, Ալփտողան կը պատմէ, որ Տերսիմի մէջ առնուած միջոցառումներու հետեւանքով, ժողովուրդը երեք տեսակ վախ ունի։ Առաջինը՝ անոնք կը վախնան, որ կառավարութիւնը զիրենք եւս պիտի բնաջնջէ հայերու նման։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ այդ շրջաններուն ժողովուրդը միշտ ալ հայերու նման կոտորուելու վախ մը ունեցած է։ Ժողովականները այս ժողովին ընթացքին որեւէ ուրացում չեն կատարած հայերուն գլխուն եկածներուն մասին. ընդհակառակը, յաճախ կը յիշեցնեն, թէ հայերուն գլխուն եկածը պէտք է օրինակ մը հանդիսանայ ուրիշներու համար եւս։ Բոլոր այս ատենագրութիւնները ցոյց կու տան, որ բնաջնջումի քաղաքականութիւնը սեղանի վրայ էր, «թելադրական միջոցներով համոզելու ու ձուլելու» երկրորդ քաղաքականութեան մը կողքին։
Ահմետ Ինսել իր այս հետաքրքրական յօդուածին մէջ իբրեւ եզրակացութիւն, կը գրէ, թէ բնաջնջումի քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս այն վերջին կամ ծայրայեղ միջոցառումն է, որ պետութեան կողքին ժողովուրդին կողմէ ալ զօրակցութիւն կը գտնէ: Այս պատճառով է, որ ամէն բնաջնջումէ ետք, բացի քանի մը տուժածներէ ու գաղափարապաշտ մարդոցմէ, ոչ մէկը կ՛ուզէ խօսիլ պատասխանատուներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.