
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Նախաձեռնութեամբ Մեսրոպեան ազգային վարժարանի շրջանաւարտից միութեան, Հինգշաբթի, Յուլիս 29ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը, ի պատիւ վարժարանի նորանշանակ տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանի:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններու վարչութեանց անդամներն ու ներկայացուցիչները: Ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, շրջանի ազգային երեսփոխանները, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, ՀՕՄի «Անի» եւ «Նայիրի» զոյգ մասնաճիւղերու, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄի վարչականները, վարժարանի տեղական խնամակալ մարմնի ու «Մեսրոպեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները, «Մեսրոպեան» վարժարանի հիմնադիրներու ընտանեկան պարագաները, ՀՕՄի մանկամսուրի եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնութիւնն ու ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի անդամներ:
Օրուան յայտագիրը վարեց «Մեսրոպեան»ի շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Րաֆֆի Մինասեան: Իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, ան տուաւ հակիրճ բացատրութիւն «Մեսրոպեան»ի ներկայ իրավիճակի մասին եւ ըսաւ, թէ ինչպէս շրջանաւարտից միութիւնը այս օրերուն խանդավառօրէն աշխատանքի լծուած է կառոյցի վերանորոգման՝ որպէսզի վարժարանը դառնայ աւելի ապահով ու արդիական, եւ մանաւանդ ըլլայ գրաւիչ մեր աշակերտներուն ու ծնողներուն: Վերանորոգման գծով տրուած մանրամասնութիւնները կը նախատեսեն, թէ անոնց անմիջական ծախսերը կրնան հասնիլ մինջեւ երեք հարիւր հազար տոլարի, որուն մեծ մասին ապահովումը ստանձնած է շրջանաւարտից միութիւնը:

Ապա՝ հերթաբար խօսք առին իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, որոնք յայտնեցին իրենց բարոյական նեցուկը եւ կատարեցին իրենց նիւթական խոստումները՝ վարժարանի վերանորոգման ու կրթական բարելաւման աշխատանքներուն: Սոյն խոստումներէն գոյացաւ մօտ հարիւր հազար տոլար:
Նորանշանակ տնօրէնը ներկայացնելու համար խօսք առաւ շրջանիս ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նազարէթ Ծատուրեան: Ան նախ անդրադարձաւ գաղութի անցեալի եւ ներկայի նուաճումներուն՝ շեշտելով հայեցի կրթութիւնն ու հայ դպրոցի կարեւորութիւնը մեր գաղութներէն ներս: Ան ուրուագծեց գաղութին ակնկալութիւնները յատկապէս «Մեսրոպեան» վարժարանէն: Գաղութի բոլոր անդամներու եւ կառոյցներու անունով շնորհաւորելէ ետք նոր տնօրէնը, ան խոստացաւ «Դրօ» կոմիտէութեան նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը եզրակացնելով՝ «ինչպէս միշտ, մենք կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ այս հաստատութեան, որուն առաքելութիւնը կարեւորագոյնն է մեզի համար, մանաւանդ այս օտար երկրէն ներս»:
Ապա, ներկայացնելով նոր տնօրէնը, ան անդրադարձաւ Սեդօ Պոյաճեանի կենսագրական գիծերուն ու անոր աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մտաւորական գործունէութեան եւ Հայ Դատի ծառայութեան:
Վերջաւորութեան խօսք առաւ նոր տնօրէնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան: Ան յայտնեց, թէ այս երեկոն իր մասին չէ, այլ՝ «Մեսրոպեան»ի: Ան ներկայացուց վարժարանի դիմակալած ներկայի վարչական եւ նիւթական մտահոգիչ կացութիւնը: Ան շեշտեց, թէ յառաջիկայ ամիսներու մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ վնասազերծել այս կացութիւնը՝ հաստատելով անհրաժեշտ վարչական դրութիւնը եւ

ապահովելով անհրաժեշտ նիւթական բաւարարութիւն: Միաժամանակ, վարժարանը պէտք է օժտել յատուկ ռազմավարութեամբ ու գործելակերպով, որոնց թիրախները պիտի ըլլան զարգացնել, ապահովել ու պահպանել վարժարան-գաղութ սերտ գործակցութիւն, վարժարանի կառոյցներու ու շրջափակի վերանորոգում, ուսուցչական կազմի ու անձնակազմի որակաւորում, ուսումնական մակարդակի բարձրացում եւ գերազանցում, տեղեկատուական արհեստագիտութեան առաւելագոյն օգտագործում, եւ բոլոր բնագաւառներէն ներս արդիականացման ու նորարարութեան հետ արդիւնաւէտօրէն քայլ պահելու գիտակցութիւն ու պատրաստակամութիւն: Ան հաստատեց, թէ մեզի համար կը բացուի աշխատանքի նոր էջ մը, որուն նուաճման համար ան կը խոստանայ տալ իր լաւագոյնն ու առաւելագոյնը, սակայն գաղութն ու իր կառոյցները եւս պէտք է կատարեն իրենց լաւագոյնը եւ տրամադրեն առաւելագոյնը, որպէսզի «Մեսրոպեան»ին կարելի ըլլայ արդիւնաւէտութեամբ յարատեւել իր առաքելութեան մէջ՝ ի խնդիր մեր նորահաս սերունդի բարձրորակ կրթութեան ու գիտակից հայակերտումին:
DEAR UNGER DONREN SETO BOYADJIAN
I PERSONALLY CONGARGULATE YOU TO YOUR NEW POSITION AS A PRINCIPLE OF MESROBIAN SCHOOL AND HOPE GOD WILL GIVE YOU THE HEALTH AND ALL YOU NEED TO MAKE THIS SCHOOL ONE OF THE BEST ARMENIAN SCOOL ,
YERTUD PARY SIRELI NAVAVAR VOR MESROBIANI NAVU DANIS KHORERU OUSOUMNAGAN HAGHTANAGNEROV ,
AND MANY THANKS TO ALL WHO SUPPORTED MESROBIAN SCHOOL. BEGINING THE ARF OF MONTEBELLO THANKS UNGER NAZO DZADOURIAN ..
SIROV UNGER SETO MALATIAN