ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Օգոստոս 9ին հանդիսաւորութեամբ շահագործման յանձնած է Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքի Դանիէլ Սահակեանի անուան թիւ 2 դպրոցի նորակառոյց եւ կահաւորուած մարզադահլիճը:
Ըստ հիմնադրամի տուած տեղեկութիւններուն՝ մարզադահլիճի կառուցման եւ կահաւորման ծրագրի ընդհանուր արժէքը կազմած է շուրջ 100 միլիոն դրամ, որուն 80 տոկոսը ստանձնած է Ֆրանսայի մէջ գործող «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութիւնը՝ հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի միջոցով, իսկ 20 տոկոսը՝ Սպիտակի քաղաքապետարանը:
Հանդիսութեան մասնակցած է նաեւ ծրագրի հովանաւոր «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանեան աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ, վերապատուելի Ռենէ Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայ եղած են նաեւ Լոռիի մարզպետ Արամ Քոչարեան, Սպիտակի քաղաքապետ Գագիկ Սահակեան, Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտեն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
Յիշեցնենք, որ 2000ին հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի նախաձեռնութեամբ՝ կառուցուած եւ կահաւորուած է դպրոցի երկրորդ մասնաշէնքը՝ նախատեսուած 300 աշակերտներու համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.