ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի «Նիուզ» լրատու գործակալութեան մեկնաբանութեան համաձայն, Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահի պաշտօնին նշանակուած զօրավար Ըշըք Քոշաներ զինուորական մըն է, որ շատ մեծ համակրանք ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ։
Զօր. Քոշանէր Օգոստոս 30ին, զօրավար Իլքեր Պաշպուղէն պիտի ստանձնէ սպայակոյտի նախագահի պաշտօնը։ Զօրավար Քոշանէր Ատրպէյճանի բանակը զօրացնելու կոչուած աշխատանքներուն նախագահած է միշտ եւ կողմնակից եղած է, որ Ատրպէյճանի զինուորները մարզուին Թուրքիոյ զինուորական վարժարաններուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.