ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բոլոր անոնք, որոնք թերահաւատութեամբ կը հետեւին նորահաս սերունդի քայլերուն եւ սրտցաւութեամբ կ՛աւաղեն, որ անտարբերութիւնն ու ինքնակեդրոնութիւնը բոյն դրած են մեր երիտասարդներու մեծ մասին մէջ՝ ապաքաղաքականացման ու սպառողական ընկերութեան աշխարհաքաղաքացիական հարթիչ գլանին տակ ճզմելով նորերը, լաւ կ՛ընեն ու ճի՛շդ կ՛ընեն, եթէ իրենց անմիջական տպաւորութիւններէն անդին սեւեռին եւ աւելի ուշադիր նային իրականութեան… վերջնական եզրակացութիւններ հանելէ առաջ։
Ի վերջոյ մեր ապրած ժամանակաշրջանին ընդհանուր ու տիրական յատկանիշը դարձած են համաշխարհայնացումը, անյագ եւ անհոգ սպառողականութիւնը, յանձնապաստանութիւնն ու շահամոլ պատեհապաշտութիւնը։ Բաց սահմաններով եւ զօրեղներու գերիշխանութեամբ կարգաւորուող Նոր Աշխարհակարգի այսօրինակ պայմաններուն մէջ, ինչպէս տարբեր ժողովուրդներու, նոյնպէս եւ մեր ժողովուրդի նորահաս սերունդները բնականաբար ենթակայ են կազմաւորման այդ ընդհանուր միջավայրի համայնակուլ ազդեցութեան։ Եթէ տարեց սերունդները, իրենց վիճակուած կազմաւորման տարբեր՝ համեմատաբար աւելի մարդկային, բարոյական եւ գաղափարական կենսափորձով ու յիշողութեամբ անգամ, ի վիճակի չեղան դիմադրելու համաշխարհայնացման յորձանքին, աւելի քան պարզ ու հասկնալի պէտք է ըլլայ ընդհանուր հոսանքին հետ տարուելու համակերպումը նորահաս սերունդներուն, որոնց կազմաւորման ու կենսակերպի բնական միջավայրը ճիշդ ա՛յս է եւ որոնք տարբեր պայմաններու մէջ ապրելու յիշողութիւնն իսկ չունին…
Նաեւ պէտք է նշել, որ երեւութապէս անտարբեր ու անհոգ թուացող նորահաս սերունդը խորքին մէջ ի՛ր ձեւով հաղորդ է ու մասնակից ազգային մեր մտահոգութիւններուն։ Կը բաւէ, որ աշխարհի չորս ծագերուն մեր երիտասարդութիւնը գտնէ ինքնադրսեւորման յարմար առիթ մը, որպէսզի անմիջապէս երեւան հանէ իր զգայուն վերաբերումն ու գուրգուրանքը այն բոլոր արժէքներուն նկատմամբ, որոնք մեր ազգային յիշողութեան էատարրերը կը կազմեն եւ ներշնչման աղբիւրն են աշխարհի մերօրեայ կենսակերպին նկատմամբ նոր սերունդի ունեցած իւրայատուկ մերժումի ու ծառացումի կեցուածքին։
Նման առիթ մը ընծայեց, վերջին օրերուն, ամերիկեան երաժշտական աշխարհի ինքնատիպ հայ աստղին՝ Սերժ Թանքեանի համերգային շրջապտոյտը, որ յատկապէս Երեւանի, ինչպէս եւ Աթէնքի մէջ հայ երիտասարդութեան մօտ առաջացուց ուշագրաւ ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն։
Սերժ Թանքեան եւ իր ու ընկերներուն System of a Down խումբը, վստահաբար, նոր ժամանակներու երաժշտական ոճին հոգեհարազատ իրենց արուեստով, մանաւանդ իրենց նուաճած ժողովրդականութեամբ ու միջազգային հռչակով, անմիջական ու հաղորդական գրաւչութիւն մը ունին ինչպէս այլազգի, այնպէս եւ հայ երիտասարդներուն համար։ Բայց մեր երիտասարդներու աչքին, այդ գրաւչութեան վրայ, գումարուելու կու գայ անհամեմատօրէն բարձրարժէք որակը՝ նախ որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի հա՛յ երիտասարդներու արձանագրած միջազգային նուաճումին, ապա եւ յատկապէս այն պատճառով, որ ազգային ինքնահաստատման ուրոյն ուղի մը կը բանայ։
Նորահաս մեր սերունդներուն համար որքան երաժշտական վայելքի պահանջը բաւարարելու, նոյնքան եւ նոր ժամանակներու հայու ինքնահաստատման մղումը հունաւորելու եւ գոհացնելու նպատակին կը ծառայէ, փաստօրէն, ամերիկեան միջավայրի մէջ կազմաւորուած այս տղոց ստեղծած արուեստը, որ խորապէս գաղափարական եւ քաղաքական խորք ունի ու հնչեղութիւն։ Անշուշտ նոյնինքն Սերժ Թանքեան քաղաքական մարդուն յանձնառու վարքագիծը՝ «Արդարութեան առանցք» անունով երիտասարդական բողոքի շարժումին զոյգ հիմնադիրներէն ու առաջնորդներէն մէկը ըլլալու հանգամանքը կարեւոր դեր կը խաղայ, որպէսզի հայ երիտասարդները յատուկ ոգեւորութեամբ ընկալեն այլապէս ինքնարժէք ու բարձրորակ անոր երաժշտական ստեղծագործութիւնը։ Մանաւանդ որ յանուն արդարութեան, մարդկայնականութեան եւ բնութեան անաղարտ պահպանման երիտասարդական բողոքի ձայն բարձրացնող հայ երաժիշտը ոչ միայն իր արուեստով կ՛արձանգանգէ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած մեծագոյն անարդարութեան՝ Հայասպանութեան բացած խոր վէրքին եւ առթած տառապանքին ու ցասումին, այլեւ քաղաքական կեցուածքներով հետեւողականօրէն ձայն կը բարձրացնէ յանուն Հայ Դատի պահանջատիրութեան՝ 21րդ դարու աշխարհին ու մարդուն լսելի եւ հասկնալի լեզուով ու ոճով։
Այս առումով է, որ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան մօտ Սերժ Թանքեանի եւ System of a Downի գտած ջերմ ընդունելութիւնը ուսանելի ԵՐԵՒՈՅԹ է եւ լոյս կը սփռէ նորահաս մեր սերունդին իւրայատուկ ներաշխարհին վրայ՝ 21րդ դարու Հայ Մարդու ինքնահաստատման իր ուղին փնտռող մեր երիտասարդութեան մտածելու եղանակին եւ յուզաշխարհին վրայ։
Բարձրաձայն եւ տեսական ընդհանրացումներով արտայայտուող սերունդ չէ մերօրեայ հայ երիտասարդութիւնը։ Ունի գործնապաշտութեան իւրայատուկ ոճ մը, որ առճակատումի չ՛երթար, կը բաւարարուի իր տարակարծութիւնը յայտնելով եւ, խուլ ականջներու հանդիպելու պարագային, կռնակ դարձնելով ու իր… գործին նայելով։
Արդարացում չունի նման ոճ մը, որովհետեւ Սերունդ դառնալու համար հրապարակ պէտք է նետուին ու պաշտպանուին սեփական համոզումներն ու լուծումները։ Բայց նաեւ իւրաքանչիւր սերունդ իր սեփական ոճը ունի Սերունդ դառնալու եւ, այդ առումով, եթէ մեր աչքին առջեւ հասակ նետող երիտասարդութիւնը կը փակուի իր պատեանին մէջ եւ ինքնամփոփ կը դառնայ՝ պատճառը անպայման անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը չեն…
Նորահաս սերունդին հաւաքական հոգեբանութիւնը ճիշդ հասկնալու առումով ուշագրաւ երեւոյթ է, նաեւ, մերօրեայ հայ երիտասարդին բուռն մղումը հայկական ածուէն դուրս յաջողութեան հասնելու, հայու իր անհատական արժանաւորութիւնը ժամանակի համընդհանուր ու խստագոյն չափանիշներուն համաձայն փաստելու։ Անշուշտ բոլոր ժամանակներու մէջ ալ հայ մարդը ունեցած է նման մղում, բայց համաշխարհայնացման եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան այս դարուն ուղղակի զանգուածային տարողութիւն ստացած է հայ երիտասարդներու բարձրագոյն մակարդակով յաջողութեան հասնելու ինքնալարումը։
Նոյնքան ակներեւ է հայու իր պատկանելութեամբ եւ ժառանգութեամբ բարձրաճակատ քալելու, որեւէ այլ ազգի առջեւ խոնարհելու կամ ամչնալու պատճառ չունենալու մերօրեայ հայ երիտասարդին ինքնավստահութիւնը, որ իր մէջ ունի նաեւ ինքնահաւատարմութեան երանգներ։ Այդ է պատճառը, նաեւ, որ հայկական ածուէն դուրս անհատական յաջողութեան հասած եւ միջազգային բարձրորակ չափանիշներուն համապատասխան իր արժանաւորութիւնը հաստատած հայ արժէքը յատուկ ոգեւորութիւն կ՛առթէ եւ հպարտութեան աղբիւր կը դառնայ մերօրեայ հայ երիտասարդին համար։
Բայց ամէնէն ուշագրաւը ազգային–քաղաքական յանձնառութեան իւրայատուկ ընկալումն է մեր օրերու հայ երիտասարդին կողմէ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ քաղաքական իր պատկանելութիւնը, կուսակցական նախասիրութիւններ ունենայ թէ անկուսակցական ըլլայ, ձախակողմ թեքի թէ աջը ընդունի, գաղափարախօսութիւն դաւանի թէ ընդհանրապէս գաղափարաբանութիւնները մերժէ կամ պարզապէս ցեղակրօնութեան անունով միշտ երդուի, մերօրեայ հայ երիտասարդը Հայ Դատի ջերմեռանդ պահանջատէր է՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան համար թրքական պետութենէն հաշիւ պահանջելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու իմաստով։
Փորձառութեան վրայ հիմնուած այս դիտարկումներուն եւ ընդհանրացումներուն առիթ տուաւ, այս օրերուն, Սերժ Թանքեանի համերգային շրջապտոյտը՝ նորահաս մեր սերունդին մօտ իր առաջացուցած ոգեւորութեամբ։
Քննելի եւ վիճարկելի այդ մօտեցումները կը սպասեն նոյնինքն նորահաս սերունդի բարձրաձայն արձագանգին։
Մինչեւ ե՞րբ լուռ պիտի մնայ ինք՝ նորահաս սերունդը, անտարբեր եւ անհոգ ըլլալու թիւր տպաւորութիւն առաջացնելով։
Ի վերջոյ օրակարգի առաջնահերթ խնդիր է 21րդ դարու Հայուն ինքնահաստատման ուղին հարթելու եւ հունաւորելու մարտահրաւէրը։
Իսկ մարտահրաւէրին կարելի է ընդառաջել միայն ճանչնալով եւ հասկնալով հայութեան վաղուան օրը կերտելու բնական իրաւունքը ժառանգած նորերուն մտածելակերպն ու յուզաշխարհը։