ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ին տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն օրակարգին վրայ ընդգրկուած են գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն վերաբերող հարցեր:
Համապատասխան զեկոյցներով հանդէս եկած են վարչապետ Արա Յարութիւնեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Սլաւա Ասրեան:
Անդրադառնալով 2011ի բերքի տակ հացահատիկային մշակաբոյսերու աշնանացանի աշխատանքներուն, երկրի ղեկավարը կառավարութեան յանձնարարած է զայն իրականացնել ժամանակին ու պատշաճ որակով: Սահակեան նաեւ յանձնարարած է մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրել բնական աղէտներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ հիմնաւորուած առաջարկներ ներկայացնել՝ հողօգտագործողներուն կողմէ վարկերու, հողի հարկերու եւ վարձավճարներու, ոռոգման դիմաց վճարներու եւ այլ պարտաւորութիւններու ժամկէտները երկարաձգելու վերաբերեալ:
Խօսելով կրթութեան համակարգին մէջ առկայ հիմնախնդիրներուն մասին, նախագահ Սահակեան անդրադարձած է Ստեփանակերտի մէջ 1-4րդ դասարաններու աշակերտներու դպրոցական համազգեստներու յատկացման հարցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.