«ԱԶԴԱԿ»
Բանավէճը, որ այս օրերուն գրաւած է հայկական դիւանագիտական, հասարակական եւ քաղաքական շրջանակները, հասկնալիօրէն կը վերաբերի Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման՝ Լա Հէյի միջազգային դատարանին կողմէ։
Եթէ մէկ կողմէ կայ խանդավառութիւն Քոսովոն նախադէպ ունենալով Արցախի կարգավիճակը յառաջ տանելու, միւս կողմէ կայ նաեւ մտահոգութիւն, որ Քոսովոն որեւէ ձեւով չի կրնար օրինակ ծառայեցուիլ Արցախի համար։ Երկու տեսակէտներն ու հիմնաւորումները պահ մը զանց առնելով փորձենք կեդրոնանալ քանի մը կէտի վրայ։
Մտաբերենք նախքան Լա Հէյի որոշման ժամանակահատուածը՝ ըսելու համար, որ Քոսովոյի ճանաչումի աքթին յաջորդեց ռուս-վրացական պատերազմը եւ անկէ անմիջապէս ետք՝ Ռուսիոյ կողմէ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւններուն ճանաչումը։ Փաստօրէն, ճանաչում՝ ճանաչումի դիմաց քաղաքական պատերազմը յանգեցաւ երեք տարածքներու միակողմանի ճանաչումներուն։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Քոսովոյի ճանաչումը, յայտարարուած էր արդէն, որ անարձագանգ պիտի չմնար այլ բեւեռի կողմէ։
Յիշեցման կարգով, ճանաչումներու վերաբերեալ իրադարձութիւններու այս գործողութիւնները կը համոզեն հետեւողը, որ տարածքներու անկախութեան ճանաչումը ձեւին մէջ իրաւական, սակայն խորքին մէջ քաղաքական է, ըստ ամենայնի եւ ըստ էութեան։
Եթէ Լա Հէյի դատարանը Քոսովոյի անկախացման գործընթացին մէջ միջազգային իրաւունքին հակասող որեւէ նորմ չի տեսներ, ապա պարզ չէ, թէ ինչո՛ւ այլ տարածքներու մէջ ապրող ազգաբնակչութեանց ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախացումը կը տեսնէ միջազգային իրաւունքին հակասող քայլեր։ Իրաւական բացատրութիւնը՝ թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնան Քոսովոն, բայց չեն ճանչնար Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յստակ չէ։ Նոյնպէս յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ Հարաւային Օսեթիան ու Աբխազիան ճանչցող Ռուսիան չ՛ուզեր ճանչնալ Քոսովոն կամ դարձեալ այս պարագային Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։
Գանք մեր հարցին։ Քոսովօ-Հարաւային Օսեթիա-Աբխազիա սահմաններու տեսադաշտէն դուրս կ՛իյնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակը։ Մինչ այժմ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա ճանաչումներու հաւասար արդիւնքով ընթացող խաղը տեղաշարժ ապահոված է յօգուտ Միացեալ Նահանգներու։ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման ի նպաստ կողմնորոշուող երկիրներու թիւը յաւելում արձանագրած է եւ յանգած Միջազգային դատարանի որոշումին։ Մինչդեռ Ռուսիայէն բացի քանի մը պետութիւն՝ Նիգարակուան, Վենեզուելլան եւ Նորու (հարաւ. Խաղաղականի կղզի) միացած են միւս երկու տարածքներու անկախութիւնը ճանչցող երկիրներու շարքին
Ճանաչումներու չափաբաժիններէն դուրս մնացած է Արցախը, որ ցարդ որեւէ պետութեան, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումին արժանացած չէ։ Ժողովրդավարական կարգերու հաստատած ընթացակարգի բացարձակ կիրարկումով Արցախի ժողովուրդը, միջազգային իրաւունքի դաւանած համակարգով՝ հանրաքուէով ինքնորոշուած է վաղուց։
Իրաւական հիմնական ուղին անկախացումը ճանչնալ տալու՝ լիարժէք յարգուած է ։ Անգամ մը եւս համոզիչ կը դառնայ հարցի քաղաքական եւ ոչ թէ զուտ իրաւական ընկալման փաստը։
Հարցը այն է ուրեմն, որ իրաւական ուղիները լիարժէք օգտագործած ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի սպասէ ճիշդ ժամանակին։ Ճանաչումներու պատերազմը պիտի շարունակուի։ Նոր ինքնորոշուող Քոսովոյի մը դիմաց անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի պատասխան ճանաչումներու։ Մինչ այդ սակայն, (հայկական կողմը՝ իր-«Ա») բանակցելու արուեստով պարտի (շարունակել) բանակցային գործընթացին մասնակցիլ, առաւելութիւնները միշտ իր կողմը պահելով, բանակցող հակառակորդ կողմը միջազգային ընտանիքին նկատմամբ մերժողի աթոռին վրայ գամուած պահելով։