ՍԻԵԹԸԼ.- Արեւմտեան Անմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացւցիչները, ընկերակցութեամբ Ուաշինկթըն նահանգի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցած են նահանգին քոնկրեսականներուն հետ, անոնց փոխանցելով ամերիկհայութիւնը մտահոգող հարցերն ու ամերիկահայութեան ակնկալիքները:
Ուաշինկթըն նահանգի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վաչէ Հաղնազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիոումներ ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ՝ Ճէյ Ինզլիի, Ռիք Լարսընի, Տէյվ Ռայչըրթի, Ճիմ ՄըքՏըրմըթի եւ Էտըմ Սմիթի հետ, անոնց փոխանցելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաի յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու պահանջները, յատկապէս նշելով, թէ Ատրպէյճան հետզհետէ աւելիով սպառնական կեցուածք կ՛որդեգրէ Արցախի հարցով:
Քննուած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը վաւերացնելու կարեւորութիւնը, որու ընթացքին քոնկրեսականներու ներկայացուցած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին մանրամասնութիւններն ու Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հայկական տարածքներուն մէջ շարունակուող «մշակութային ցեղասպանութեան» ծալքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.