Հանրային վարժարաններու ոչ շահութաբեր «Facing History and Ourselves» կազմակերպութիւնը յաճախ կը կազմակերպէ յատուկ աշխատանքային դասընթացքներ, նպատակ ունենալով տարբեր ծագումով աշակերտներու փոխանցել գիտելիքներ, զիրար աւելի լաւ հասկնալու եւ հանդուրժելու համար, որպէսզի անոնք ապագային ըլլան աւելի գիտակից անհատներ եւ քաղաքացիներ։
Այս տարուան Յուլիս 28էն 30 ժամանակաշրջանին, «Mount St. Marys» համալսարանին մէջ, յիշեալ կազմակերպութիւնը կազմակերպած էր աշխատանիստ մը, նիւթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ զայն դասաւանդելու ռազմավարութիւնը։ Թէեւ ուսումնական տարեշրջանը հասած էր իր աւարտին, սակայն գիտակցելով նիւթի կարեւորութեան եւ հրամայականին, Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէնութեան ու Հայերէն բաժանմունքի պատասխանատուի թելադրանքով, վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ազատուհի Ղազարեան, Թալին Գէորգ եւ Անի Պէրթիզլեան մասնակցեցան այս աշխատանիստին:
Դասընթացքը շատ լաւ ուսումնասիրուած եւ կազմակերպուած էր։ Փոխանցուեցան պատմական ճշգրիտ գիտելիքներ։
Պատմաբան տոքթ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ներկայացուց «Understanding the Significance of The Armenian Genocide» նիւթը, ինչպէս նաեւ Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան գլուխ գալը, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ Երիտասարդ թուրքերու մահապատիժը՝ հայ վրիժառուներու ձեռքով։ Դասախօսութեան կողքին ցուցադրուեցան տեսաերիզներ՝ վերապրողներու վկայութիւններով. իսկ դասընթացքի վերջաւորութեան, ներկայացուեցան սփիւռքահայութեան դիմագրաւած հարցերը։
Դասընթացքի յատկանշական բաժինը եղաւ, մասնակիցներու այցելութիւնը Արշիլ Կորքիի ցուցահանդէսին, ուր անոնք ականատես ըլլալով արուեստագէտի գործերուն, փորձեցին վերլուծել զանոնք։
Տրուած ըլլալով, որ դասընթացքին մասնակցողները մեծամասնութեամբ ոչ հայ ուսուցիչներ էին, որոնք օտար վարժարաններու մէջ կը դասաւանդէին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կարճ ժամանակի մէջ ծանօթացան ուսումնական եւ գործնական եզակի միջոցներու։
Ֆերահեան ազգային վարժարանի մասնակիցները եւս այս դասընթացքը գտած էին շատ օգտակար եւ գործադրելի՝ մեր վարժարանէն ներս, եւ բարձր գնահատած՝ կազմակերպողներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.