ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ, որոնք ամէն տարի Թուրքիոյ հանգստավայրերու եւ ծովափներու վրայ կ՛անցընէին իրենց ամառնային հանգիստը, այս տարի կը խուսափին Թուրքիա այցելելէ։
Յունիս 2010ի տուեալներուն համաձայն, Թուրքիա այցելած են միայն 2600 իսրայէլացիներ, մինչդեռ անցեալ տարի այդ թիւը 27 հազարի կը հասնէր։
Այս զարգացումը հետեւանք է Իսրայէլի պատկան մարմիններու կողմէ կատարուած ազդարարութեանց, ըստ որոնց զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կը տրուի Թուրքիա չայցելել։
Մասնաւորաբար կը նշուի նաեւ, որ եթէ այնուհանդերձ այդպիսի որոշում մը տրուի, իսրայէլացիներ զգուշանան իրենց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելէ եւ իրարու հետ եբրայերէն խօսելէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.