Ըստ «Ուիքիլիքզ» համացանցային կայքին հրապարակած «Սի.Այ.Էյ.»ի գաղտնի վերլուծականի մը, Միացեալ Նահանգները «ահաբեկչութիւն արտածող» երկիր եղած է։ Երեք էջնոց փաստաթուղթը կը բարձրացնէ այն վարկածային հարցումը, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու համար հետեւանքը, եթէ ի յայտ գան ամերիկացիներ, որոնք արտասահմանի մէջ ահաբեկչական արարքներ կը գործեն։ Փաստաթուղթը պատրաստուած է «Սի.Այ.Էյ.»ի «Կարմիր բջիջ»ի մը կողմէ, որուն պարտականութիւնն է մրցակիցներու տեսանկիւնով վերլուծական ուսումնասիրութիւններ պատրաստել։
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ շարք մը ամերիկացիներ արտասահման մեկնելով բռնարարքներ գործած են, ինչպէս՝ Տէյվիտ Հետլի՝ փաքիստանցի-ամերիկացին, որ 2008ին օժանդակած է Մումպայի մէջ յարձակում գործողներուն, եւ Պարուշ Կոլտշթայն՝ ծայրայեղական հրեան, որ 1994ին Հեպրոնի մէջ տասնեակներով պաղեստինցիներ սպաննեց, իսկ իրլանտացի-ամերիկացիներ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Իրլանտական հանրապետական բանակին (IRA) օժանդակած են։
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ եթէ «Միացեալ Նահանգները սկսին «ահաբեկչութիւն արտածող» նկատուիլ, օտար կառավարութիւններ կրնան խնդրել փոխադարձ դասաւորումներ, որոնք կրնան Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութեան ազդել»։
«Սի.Այ.Էյ.» փաստաթուղթը անկարեւոր նկատեց՝ նշելով, որ «Կարմիր բջիջ»ներ վերլուծական խմբակներուն պարտականութիւնն է վարկածային կացութիւններ առնել եւ տարբեր կարծիքներ ներկայացնել անոնց մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.