ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրենց ուսուցիչներուն մասին միշտ յարգանքով կ՛արտայայտուին մարդիկ: Նոյնիսկ երբ ունեցած ըլլան այնպիսի ուսուցիչներ, որոնք համեստ կարողութիւն ունենալով չեն կրցած մեծ ուսում ջամբել իրենց, դարձեալ, երբ անոնց մասին խօսին, քաղցր յուշերով կը յիշեն զանոնք, միշտ նկատի ունենալով ժամանակի պայմանները եւ ուսման անցեալի մակարդակը:
Ուսուցիչներու անցեալ սերունդին մասին խօսած ատեն, անկարելի է ուրանալ այն նուիրումը եւ զոհողութեան ոգին, զոր ունէին անոնք, դասապահի ընթացքին տուեալ նիւթը ներկայացնելուն հետ ջամբելով ազգային ոգի, ու կերտելով ցեղային ամուր նկարագիր:
Ուսուցչական ապերախտ ասպարէզին մասին յաճախ կը խօսին հայ ուսուցիչներ յատկապէս, երբ կեանքի ապահովութեան, ու նիւթաբարոյական գնահատումի պակասը զգան իրենց նկատմամբ: Միւս կողմէ, իրենց զաւակները օտար վարժարաններ ուղարկելուն պատճառաւ մեղադրուող հայ ծնողներ, միշտ ինքնապաշտպանութեան դիմելով, հայ ուսուցչին անպաշտպան մնացած ըլլալը ու նիւթապէս անբաւարար վարձատրութիւն ստանալը կը պատճառաբանեն, որու հետեւանքով, -կ՛ըսեն-, չի կրնար ներկայ կրթական պայմաններուն հետ քայլ պահել՝ ինքզինք վերաորակաւորելու յարմարութիւնները չունենալով:
«Մեծագոյն Ուսուցի»չ բացատրութիւնը, Եկեղեցւոյ Հայրերու գրականութեան մէջ գործածուած է Յիսուսի համար: Իր քարոզութիւններով հաստատուած վարդապետութիւնը, բարոյագիտական ծանօթ բայց անկրկնելի հեղինակութեամբ յայտարարուած կանոնները, այնպիսի ուժգնութիւն ունին, որոնք ո՛չ միայն դարերուն, այլ՝ յաւիտենութեան հետ կը մրցին: Քրիստոսի կողմէ քարոզուած բարոյագիտական կանոնները ժամանակի փոշիին տակ չեն ծածկուիր, ո՛չ ալ եկող դարերուն բերելիք ժանգի վերարկուն կրնայ ծածկել զանոնք, որովհետեւ երկնային բարձունքէ խօսուած ըլլալով ի լուր երկրաւորներու, անոնք կ՛անդրանցնին պատմութիւն եւ ժամանակ:
«Մեծ Ուսուցի»չ կոչուած են նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքի որոշ կրօններու հիմնադիրներ, որոնք իրենց փորձառութիւնը ուսուցած են առհասարակ իրենց հետեւորդներուն, անոնց հիացումին առարկան դառնալով: Իսկ «Մեծ Վարդապետ» կոչումին արժանացած են մեր եկեղեցւոյ վանական կառոյցներու առաջնորդներ, որոնք դպրանոցներ հիմնած ու աշակերտներու մեծ սերունդ հասցուցած են:
Բայց որո՞նք են մեր մեծագոյն ուսուցիչները:
Առաջին իսկ ակնարկով, մեր մտածումը կրնայ սեւեռուիլ այն անձերուն վրայ, որոնք մեր կեանքի վաղ տարիներուն, մեծ ազդեցութիւն կրնան թողած ըլլալ մեր վրայ: Վստահ եմ, որ այս տողերը ընթերցողին մտապաստառին դիմաց սկսան տողանցել այնպիսի անձեր, որոնք այս կամ այն ձեւով տպաւորած են զիրենք, եւ դաստիարակութեան իմաստով անպայման հետք թողած իրենց հոգիներուն մէջ: Այդ անձը կրնայ ըլլալ ծնողներէն մէկը կամ միւսը, մեծ ծնողներէն մէկը, առօրեայ կամ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներէն մէկը, կամ նոյնիսկ ընտանիքին ծանօթ բարեկամներէն ազդեցիկ մէկը:
Ճիշդ է, այդպիսի անձեր կրնան մեծ ազդեցութիւն թողուլ մեր վրայ, եւ այնպիսի տպաւորութիւն, որ մինչեւ մեր կեանքին վախճանը կրնայ մեր յիշողութեան մէջ մնալ իբրեւ անջնջելի դրոշմ: Սակայն, առօրեայ մեր կեանքին մէջ, մեր շուրջը կը գտնուին այլ տեսակի ուսուցիչներ, որոնք ո՛չ համալսարանական վկայական ունին, ո՛չ իսկ մանկավարժական հաստատութիւն աւարտած են: Անոնք նոյնիսկ իրենց դասաւանդութիւնը կը կատարեն անգիտակցաբար, որովհետեւ իրե՛նք միշտ աշակերտի տեղ կը դրուին, ու բնա՛ւ իրենց ըսածը մեր կողմէ կարեւորութեան չ՛առնուիր:
Մանուկներն են մեր մեծագոյն ուսուցիչները…:
Մանուկին անմեղութենէն բխող ուսուցումը, ամէնէն ճշգրիտ, ու ամէնէն բնական դաստիարակութիւնն է, զոր մարդ կրնայ ստանալ իր կեանքի ընթացքին:
Առհասարակ, մանուկը միշտ սխալ դերի մէջ կը տեսնեն ծնողներ ու դաստիարակներ: Անոնք պատրաստ են միշտ յանդիմանել մանուկը, բարկանալ անոր վրայ, ուղղել անոր սխալները, նոյնիսկ երբեմն խնդալ անոր թերհաս ըլլալը նկատի ունենալով: Սակայն, որոշ կացութեանց մէջ, երբ արդարութեան ու ճշմարտութեան բացայայտման կարիքը կայ, մանուկներ անգիտակցաբար ճշմարտութեան ու արդարութեան կողմնակից կ՛ըլլան, մեծագոյն ուսուցիչները դառնալով չափահասներուն, որոնք նոյնիսկ իրենց գիտակից տրամաբանութիւնը գործածելով, չեն կրնար կողմորոշուիլ, ու չեն կրնար ձերբազատուիլ իրենց կանխակալ մտածողութենէն:
Մանուկներու անմեղութեան երանի՜ տուած է Յիսուս, իր Հօրը արքայութիւնը խոստանալով միայն այնպիսի մարդոց, որոնք մանուկի նման կրնան ընդունիլ զանիկա: Միայն միամտութիւնը չէ որ լուսարձակի տակ կը բերուի այնտեղ, այլ՝ մանուկին անգիտակից, բայց անխախտ հաստատամտութիւնը՝ արդարութեան ու ճշմարտութեան նկատմամբ: Միայն արդարութիւն ու ճշմարտութիւն փնտռող մարդն է, որ կրնայ յարմար նկատուիլ Աստուծոյ արքայութեան, ուր չկան կողմնակալութիւններ ու անարդարութիւններ, կամ չկան միակողմանի դատեր, շուարած ու անճրկած դատաւորներ, կամ՝ վարձկան եւ ստախօս փաստաբաններ:
Մեր մեծագոյն այս ուսուցիչները չեն գիտեր բնականաբար, թէ իրենք ի՜նչ կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենան անգիտակցաբար, սակայն իրենց անգիտակցութեան դիմաց, կարեւոր է շրջապատին մէջ գտնուողներուն գիտակցութիւնը: Ծնողներ կամ դաստիարակներ ինչքա՜ն կարեւոր դասեր կրնան քաղել, պարզապէս դիտելով իրենց զաւակները, կամ իրենց խնամքին յանձնուած մանուկները:
Մանուկին յամառութեան մէջ երբեմն թաքնուած կ՛ըլլայ կեանքի կարեւոր եւ ուսանելի դաս: Մանկական հոգեբանութեան պէտք է թափանցել, անոր «դասարանին» աշակերտ դառնալու համար: Միակ անպատեհութիւնը այն է, որ մեր մեծագոյն այս ուսուցիչները, մեզ պատժելու հնարաւորութիւն չունին: Դժբախտաբար անոնք միշտ պարտուողի ու հետեւողի դիրքերուն վրայ կը գտնուին: Երբեմն լացով իրենց վերջնական խօսքը կ՛ըսեն, երբ անարդարութիւնը չկարենան ընդունիլ:
Մանուկին անընդհատ եւ երկարատեւ լացը, որ երբեմն այնքան տհաճ վիճակներ կը ստեղծէ տունէն ներս, ու ջղագրգիռ կը դարձնէ ծնողները, յաճախ անգիտակցաբար անարդարութեան դէմ մղուած պայքար է, զոր մանուկը կը տանի առանձին, առանց օգնականի:
Մեր մեծագոյն ուսուցիչներուն՝ մանուկներուն խօսքը լսելը, երբեմն նուաստացուցիչ կը թուի, յատկապէս ծնողներուն համար: Սակայն, երբ գնահատուի անոնց ուղղամտութիւնը, ժխտական հետեւանք չի՛ թողուր բնաւ, այլ՝ մանկական դաստիարակութեան մաս կրնայ կազմել, զայն փրկելով միշտ պատժուելու իրավիճակէն, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը ժխտական տպաւորութեամբ կ՛ազդէ անոր բիւրեղեայ հոգիին:
Մանուկները միայն դաստիարակուելու ենթակայ տարրեր չեն, ո՛չ ալ միայն կաղապարելու համար մեզի յանձնուած լոյծ մոմի հեղուկ: Անոնք կրնան նաեւ դաստիարակել մեզ անգիտակցօրէն, եթէ անոնց տուած դասերը սորվելու տրամադիր ենք: