ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 63 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ նշանաւոր բեմանկարիչ, Հայաստանի մշակոյթի գործիչ, մանկավարժ, Հայաստանի նկարիչներու եւ թատերական գործիչներու միութեան անդամ Գրիշա Սահակեանը:
Գրիշա Սահակեան եղած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հաստատութեան, Պատանի հանդիսատեսի եւ Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոններու գլխաւոր նկարիչը: Ան 200է աւելի բեմական ձեւաւորումներու հեղինակն է:
«Ալմաստ», «Անոյշ», «Դաւիթ-Բէկ» օփերաներու ձեւաւորումները բեմանկարիչին վերջին եւ լաւագոյն աշխատանքները եղած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.