ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «HarperCollins» հրատարակչատունը կը տեղեկացնէ, թէ Կարին Յովհաննէսեանի հեղինակած յուշագրութիւնը՝ «Family of Shadows: A Century of Murder, Memory, and the Armenian American Dream» լոյս պիտի տեսնէ Սեպտեմբեր 21ին:
Հատորը կը ներկայացնէ Յովհաննէսեանի ընտանիքին երեք սերունդներուն պատմութիւնը, սկսելով Խարբերդէն ու Հայկական Ցեղասպանութենէն, հասնելով մինչեւ Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս եւ նորանկախ Հայաստան:
Ստեղծագործական գրականութեան մարզին մէջ «Fulbright» կրթանպաստին արժանցած Կարին Յովհաննէսեան զաւակն է նորանկախ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհանէսեանի, որ իր կարգին զաւակն է յայտնի մտաւորական, հայագէտ եւ պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.