ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքացիական կացութեան որոշումներու արձանագրութեան գործակալութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի օր, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացաւ աշխատանքային քննարկում՝ նուիրուած օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանէն երեխաներ որդեգրելու հարցերուն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2007ին, միացած է 1993ի Լա Հէյի «երեխաներու պաշտպանութեան եւ օտար երկրիրներէ որդեգրումի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան մասին» ուխտին, որու դրոյթներու համապատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաստատած է Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կամ հիւպատոսական հիմնարկներու կողմէ օտար քաղաքացիներու, քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ որդեգրուած՝ ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող երեխաներու հաշուառման կարգը:
Քննարկման իբրեւ արդիւնք, մասնակիցները համաձայնեցան սերտ համագործակցութիւն հաստատել որդեգրման գործընթացը կանոնակարգելու նպատակով եւ մեկնելով երեխաներու շահերէն, հետամուտ ըլլալ անոնց յետորդեգրումի ճակատագրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.