ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը գումարեց իր հերթական շրջանային ժողովը, կատարեց իր անցեալ երկամեայի գործունէութեան գնահատականը եւ մշակեց յառաջիկայ երկու տարիներու իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը վստահեցաւ իր նոր ընտրած Կեդրոնական կոմիտէի կազմին:
Յառաջիկայ երկու տարիներուն համար մշակուած ծրագիրներուն մէկ կարեւոր մասը նախկին ժողովներու կողմէ մշակուած աշխատանքներու շարունակութիւնն է, մնացեալը՝ նոր ձեռնարկուելիքներ, որոնք, իրենց բնոյթին բերումով, կրնան չաւարտիլ երկու տարուան ժամանակամիջոցին, եւ պիտի շարունակուին յառաջիկայ ժողովէն ետք, դարձեալ նորընտիր կազմի մը ղեկավարութեան օրօք:
120ամեայ քաղաքական կուսակցութեան մը շրջանային միաւորի կազմակերպական նոր շրջանը առիթ կը հանդիսանայ նոր խանդով ու աւիւնով վերաձեռնարկելու շարունակուող ու նոր աշխատանքներու իրականացման գործին: Նոր տարեշրջանը նաեւ առիթ կը դառնայ իւրաքանչիւր շարքային կուսակցականի, որ իր կարգին նորացուած խանդավառութեամբ լծուի աշխատանքի:
Այս բոլորը ներքին կազմակերպական հարց կրնան նկատուիլ, ու անոնց մասին մամուլով այսպէս անդրադառնալը՝ անտեղի: Սակայն, նկատի ունենալով, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան բերումով ամէնօրեայ շփման մէջ է մեր հասարակութեան լայն խաւերուն հետ, նկատի ունենալով, որ հայ անհատներ թէ միութիւններ կուսակցական շրջանակներու հետ կ՛աշխատին ու կը համագործակցին, կ՛արժէ անոնց հրապարակայնօրէն յայտնել մեր յանձնառութիւնը, թէ՝ նոր շրջանին շարունակելով նոյն կառուցողական ու համերաշխ գործելակերպը՝ մենք պիտի փորձենք մեր համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնել, յօգուտ համայնքին, ազգին, հայրենիքին ու Հայ Դատին:
Մէկ խօսքով՝ գործը շարունակելը մեր պարտքն է, աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլը՝ մեր պարտաւորութիւնը, նոր տարեշրջանին աւելի լաւ, աւելի հետեւողական գործելակերպ ցուցաբերելը՝ մեր խոստումը: