
ՊԱՔՈՒ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած Պետական դրօշի հրապարակի բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է. «Ատրպեճանական դրօշը մեր հպարտութիւնն ու ոգին է։ Անիկա պիտի ծածանի Ղարաբաղի, Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) եւ Շուշիի վրայ։ Մենք բոլորս պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, որպէսզի այդ օրը, որքա՛ն կարելի է՝ շուտ գայ։ Մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ»:
Ըստ ձայնասփիւռի կայանին, Կասպից ծովու ափին գտնուող նորաբաց հրապարակին տարածքը շուրջ վեց հեքթար է։ Հոն տեղադրուած է աշխարհի ամենաբարձր դրօշի ցօղը, որուն վրայ կը ծածանի Ատրպէյճանի հսկայ դրօշակը: Դրօշակին լայնքը՝ 35, իսկ երկայնքը՝ 70 մեթր է։ Ան մօտաւորապէս 350 քլկ. կը կշռէ:
Դիմելով Պետական դրօշի հրապարակի բացման արարողութեան մասնակիցներուն՝ Ալիեւ նշած է. «Մեր երկիրը արտաքին օգնութենէ կախեալ չէ եւ ինք կ՛երաշխաւորէ իր ապահովութիւնը»։
Ըստ Ալիեւի, Ատրպէյճան քանի մը տարի ետք պիտի դառնայ «միջազգային նուիրատու պետութիւն»։