(ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՈՂ ՀԻՆ, ԲԱՅՑ ՉՀԻՆՑՈՂ ՎԷՐՔԵՐ ԵՒ ՀՈԳԵՐ)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այն պիտի չլինի մեր դպրոցը, ինչ որ է այսօր: Շեշտուած նպատակը, ջերմութիւնը, հոգին է պակասում մեր արդի դպրոցին: Նա չէ, բայց պիտի լինի հայրենագիտութեան ամբիոն, տաճար:
Դեռ, այնտեղ հայ մանուկը պիտ ճանաչի եւ սովորի սիրել հայրենի ժողովուրդն ու երկիրը: Նա է, որ հայ մանուկի հոգու մէջ պիտ քամի մեր պատմութեան բովանդակ գեղեցկութիւնն ու վեհութիւնը:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
Կրթական վերամուտի այս օրերուն գլխաւոր մտածում մը կը պարտադրէ իր հորիզոնը եւ իր հոգերով կը կլանէ հայ մարդոց ներաշխարհը։
Հայ Դպրոցը իր առաքելութեան մէջ վերանորոգելու՝ իբրեւ անօթ կատարելագործելու եւ իբրեւ բովանդակութիւն հարստացնելու մտասեւեռումին մասին է խօսքը։
Մտասեւեռում՝ որ այլեւս չի սահմանափակուիր միայն Արտերկրով, միայն սփիւռքեան հայօճախներու ազգային կազմաւորման ու կազմակերպման հիմնական կռուանը, օտարացման յորձանքին դէմ հայապահպանման մեր պայքարը ամրապնդող ամրոց Հայ Դպրոցը ուժեղացնելու առաջադրանքով։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզման եւ Հայաստանի վերանկախացման հետ, ազգային գոյատեւման ու ինքնահաստատման մեր հիմնական կռուաններու եւ կառոյցներու շարքին, այլեւ՝ առաջնահերթաբար, Հայ Դպրոցը քայլ առ քայլ վերագտաւ եւ արմատաւորեց իր բանալի տեղն ու դերը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կամրջման եւ միաւորման մէջ։
Այսօր արդէն, հայրենի ոստաններուն մէջ թէ սփիւռքեան մերձաւոր ու հեռաւոր ափերուն վրայ, շատ աւելի են հայկական վարժարանները միաւորող նմանութիւններն ու ընդհանրութիւնները, քան զանոնք բաժնող տարբերութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները։
Փաստօրէն համաշխարհային տարողութեամբ կրթական քաղաքականութեանց եւ ուսումնական համակարգերու համարկման ընդհանուր հոսանք մը տիրական դարձած է։ Լեզուամշակութային առանձնայատկութիւններն ու քաղաքակրթական տարբերութիւնները յարգելով եւ պահպանելով հանդերձ՝ զգալի է մերձեցման, համադրման եւ փոխ–հարստացման ընդհանուր ճիգ մը։
Համաշխարհայնացման ընդհանուր հոսանքին հետ համաքայլ ընթացող կրթական այդ համարկումը, հասկնալիօրէն, ունի որքան դրական, նոյնքան եւ բացասական անդրադարձներ։ Մանաւանդ որ լեզուամշակութային ու հոգեմտաւոր համահարթեցման եւ ձուլման վտանգը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը շեշտուի բոլորին, այդ շարքին նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Այս առումով՝ համաշխարհային տարողութեամբ կրթական համարկումը, փաստօրէն, միեւնոյն մարտահրաւէրներուն առջեւ դրած է աշխարհասփիւռ հայ վարժարաններու ցանցը, պետական թէ ազգային, օտար կամ սեփական դպրոցներ ըլլան անոնք։
Այսպէ՛ս. օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներու հարցը, օրինակ, եթէ մօտաւոր անցեալին կը տագնապեցնէր յատկապէս սփիւռքեան իրականութիւնը, այսօր արդէն մտահոգութեան եւ տագնապի աղբիւր է նաեւ հայրենի հայութեան համար։ Հայաստանի մէջ օտարալեզու վարժարաններու գործունէութիւնը կանոնակարգող օրէնքին ընդունումը, քանի մը ամիս առաջ, վերջին արտայայտութիւնը եղաւ կրթական համարկումի համաշխարհային հոսանքին հետեւող վտանգներուն։
Յանուն ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին ալ առկայ էր միեւնոյն վտանգը, նաեւ՝ աւելիով, որովհետեւ ուղղակիօրէն ռուսացման քաղաքականութեան պարտադրանքն էր։ Այդ պատճառով ալ հիմնաւոր է ընդդիմութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն օտարալեզու վարժարաններու վտանգին հետագայ ահագնացման դէմ…
Կը հետեւի, որ մեր օրերուն հրատապ եւ առաջնահերթ նշանակութիւն ստացած է հայեցի՝ ազգայի՛ն դաստիարակութեան ջամբումը ապահովող եւ ամրապնդող պետական քաղաքականութեան մշակումն ու որդեգրումը կրթութեան բնագաւառին մէջ։ Անոր պտուղները ազգովին պիտի քաղենք նախ նոյնինքն հայրենիքի մէջ, ապա եւ միաժամանակ սփիւռքի տարածքին։
Այսինքն՝ օրակարգի վրայ դրուած է Հայ Դպրոցի իբրեւ անօթ եւ բովանդակութիւն ընդհանուր վերաթարմացման եւ ուժեղացման մարտահրաւէրը։
Սկսելով նոյնինքն Հայաստանէն եւ հասնելով մերձաւոր թէ հեռաւոր սփիւռքի հայօճախներուն, այսօր պէտք ունինք մրցունակ հայ դպրոցի, որ թէ՛ մասնագիտական ուսուցման իր ծրագիրներով, դասագիրքերով, ուսուցիչներով եւ նիւթեղէն–արհեստագիտական հնարաւորութիւններով ի վիճակի է քայլ պահելու կրթական համարկումի համաշխարհային կշռոյթին հետ, թէ՛ հայկական ոգի, հայեցի շունչ եւ հայահունչ ինքնաճանաչում սերմանելու առումով պիտի կարենայ Հայ Դպրոցի արդիական եւ կատարելագործուած անօթը շնչաւորել ժամանակակից՝ թարմութիւն ու հպարտութիւն ջրդեղող բովանդակութեամբ։
Ինչպէս որ սփիւռքի տարածքին շատոնց անցած–գացած է հայկական վարժարաններու հայերէնի դասապահերուն, դասանիւթերուն, դասագիրքերուն եւ ուսուցիչներուն հետ իբրեւ աղքատ Ղազարոսի վարուելու ժամանակը, նոյնպէս Հայաստանի մէջ եկած է ժամանակը նախ Հայ Դպրոցի անօթը նիւթեղէն կատարելագործման (շէնքային եւ արհեստագիտական հնարաւորութիւններու արդիականացումով) հասցնելու, ապա՝ անոր ուսումնական ընդհանուր մակարդակն ու հայեցի դաստիարակութեան որակը թարմացնելու։
Միայն սփիւռքին յատուկ չէ հայերէնի ուսուցիչներու եւ ազգային ոգի ու հայրենասիրութիւն փոխանցող գաղափարապաշտ դաստիարակներու նահանջը։ Իր ձեւով եւ չափերով Հայաստան եւս կ՛ապրի միեւնոյն նահանջը, յատկապէս կտրուկ եւ վայրագ հասարակափոխութեան հետեւանքով։
Կը նշանակէ, որ Հայ Դպրոցի ընդհանուր կատարելագործման եւ արդիականացման ընդգրկուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք ազգովին՝ համապատասխան պետական քաղաքականութիւն մշակելու, ծրագրելու եւ իրագործելու բոլոր մակարդակներուն վրայ, ամբողջ հայութեան հասնելու մտասեւառումով։
Կը նշանակէ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, որ կրթական բնագաւառի մասնայատուկ հարցերու դիմագրաւման կողքին – եւ ամէն բանէ առաջ – պէտք ունինք հայեցի կրթութեան ազգային յղացքը հիմնաւորող ու բիւրեղացնող պետական հայեցակարգի ու քաղաքականութեան, որ իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ թէ՛ հայագիտական դասագիրքերու վերապատրաստութեան, թէ՛ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներու վերաորակաւորման ճամբով։
Հայ Դպրոցի մերօրեայ վերամուտին առիթով այնքան այժմէական կը հնչէ Նժդեհի պատգամը, որ հայրենագիտութեան տաճար մը դառնալու մարտահրաւէրը կ՛ուղղէ հայկական վարժարաններուն։
Անշուշտ փոխուած են ժամանակները եւ այսօր անիրատես պիտի հնչեն այն կոչերը, որոնք չեն շեշտեր Հայ Դպրոցի անօթը կատարելագործելու եւ արդիականացնելու հրամայականը։
Բայց նաեւ ժամանակի յորձանուտին հետ քշուելու եւ կորսուելու վտանգին դատապարտուած են մօտեցումները բոլոր անոնց, որոնք ի վիճակի չեն տեսնելու եւ ընդունելու, որ Հայ Դպրոցը կը դիմագրաւէ նաեւ ու մանաւանդ իր բովանդակութիւնը՝ ազգայի՛ն առաքելութիւնը նոր ժամանակներուն համահունչ վերաթարմացնելու եւ աշխուժացնելու մարտահրաւէրը։
Ի խնդիր հայ ազգային արժէքներու պաշտամունքին եւ բոլորանուէր հայրենասիրութեան արմատաւորումին։