ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Իրաք վերատեսութեան պիտի ենթարկեն Իրաքի Քերքուք քաղաքէն Միջերկրականի վրայ գտնուող Թուրքիոյ Ճէյհան քաղաքը երկարող Քերքուք-Եումուրթալըք քարիւղատարին շուրջ համաձայնութիւնը։ Եըլտըզ յայտնեց, որ քարիւղատարին ծախսերուն եւ քարիւղի հոսքին շուրջ նոր համաձայնագիրը բանաձեւուած է եւ կը նախատեսուի զայն ստորագրել Սեպտեմբեր 19ին, Պաղտատի մէջ։ Ըստ նոր համաձայնութեան, խողովակաշարը Իրաքէն Թուրքիա տարեկան 70 միլիոն թոն հում քարիւղ պիտի փոխադրէ։ «Իրաք երկրին բնականոնացման համար պէտք է իր քարիւղն ու բնական կազը արտածէ։ Ասիկա ծրագիր մըն է, որ կրնայ անոր բնականոնացման օժանդակել», ըսաւ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.