ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 13ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն, վաղաժամկէտ դադրած են Արցախի Գերագոյն դատարանի նախագահ Արարատ Դանիէլեանի լիազօրութիւնները՝ վերջինիս դիմումին համաձայն:
Ըստ ԼՂՀ նախագահի մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, նոյն օրը նախագահ Սահակեանի ստորագրած այլ հրամանագիրով մը, Արարատ Դանիէլեան նշանակուած է ԼՂՀ նախագահի խորհրդական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.