ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սկսելով մեր կռիւը Կովկասում, մենք մեզ աւելի բարեյաջող պայմանների մէջ էինք համարում։ Ոչ թէ այլ եւ այլ հաշիւներ չունէինք մեր դրացիների հետ, չէ, բայց այն հանգամանքը, որ կովկասեան ցեղերի մէջ աւելի գիտակցութիւն կայ, քան Թիւրքիայում, որ բոլորն էլ անխտիր զգում են իրենց վրայ ծանրացած միապետութեան լուծը, որ դժգոհութիւնը արտայայտւում է բողոքի այլ եւ այլ ձեւերով, այս ամէնը լուրջ գրաւական էր համարւում, որ միապետութեան դէմ յայտարարուելիք կռուին մէջ բոլորն էլ պատրաստ կը լինեն միանալու եւ փոխադարձ հաշիւները մոռանալու… Բայց այդպէս չեղաւ։
ՌՈՍՏՈՄ
(1905)
Ամէն անգամ, որ լրատուական լուսարձակի տակ կ՛առնուի Հայաստանի եւ անոր սահմանակից դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց առընչուող երեւոյթ մը կամ դէպքերու եւ հարցերու զարգացում մը, անբախտ ըլլալու զգացումը կը ճնշէ հայ մարդոց մտածումներուն վրայ։
Դրացիներու առումով անբախտ ազգ մը ըլլալու եւ նոյնպէս անբախտ երկիր մը ունենալու այդ զգացումը ուղղակի հեղձուցիչ կը դառնայ մանաւա՛նդ այն պարագային, երբ աշխարհը յուզող իրադարձութիւններու ամէնօրեայ հոսքին մէջ, հայեւթուրք յարաբերութեանց հետ հեռուէն թէ մօտէն աղերս ունեցող նորութիւն մը կ՛արձանագրուի կամ անցեալին վերաբերեալ յիշատակում մը կը կատարուի։
Իսկ վերջին շրջանին գրեթէ օր չի պատահիր, որ կարենանք հայու մեր մտածումներուն մէկ անկիւնը հանգիստ ձգել ու մոռնալ… դրացիներու առումով անբախտ ըլլալու մեր ճակատագիրը։
Օրերով՝ Աղթամար կղզիի բազմաչարչար ու առանց խաչի մնացած Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ի սպաս թրքանպաստ քարոզչութեան, նորովի խաչելու կոչուած թրքական «հանդուրժողականութեան» show մը կը բեմադրուի մեր թուրք հարեւաններուն կողմէ։
Կամ՝ օրերով մեր մտածումները գրաւելէ ետք, Հրանդ Տինքի դատը, յետ մահու, Արդարութեան «յաղթանակ»ով կը պսակուի եւ թրքական իշխանութիւնները, նիւթական հատուցում կատարելու դատավճիռը չբողոքարկելով, իրենց խիղճը կը հանգստացնեն՝ փակուած համարելով… յանուն հայու ինքնութեան եւ պատմական ճշմարտութեան նահատակուած հայ մտքի նուիրեալին ողբերգութիւնը։
Անբախտ ենք ոչ միայն մեր թուրք հարեւանով։ Ազերին կը լրացնէ իր ցեղակիցին պակաս թողածը, երբեմն նաեւ նախաձեռնող ըլլալով եւ ի՛նք թափ տալով հայատեացութեան… թրքահունչ եղանակին։
Մանաւանդ Սեպտեմբերի այս օրերուն, երբ լրատու այս կամ այն աղբիւրը կը յիշատակէ տարելիցը 1918ի Պաքուի հայոց սպանդին, երբ Նուրի փաշայի թրքական զօրքերը գրաւեցին Անդրկովկասի տնտեսական մայրաքաղաքը եւ օրերով անզէն հայերու արիւն հեղեցին Պաքուի եւ շրջակայքի մէջ։
Իսկ վրացի՞ն. ինչպէս երէկ էր՝ մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին, նոյնն է նաեւ այսօր։ Չենք կրնար օր մը իսկ հանգիստ քուն քաշել՝ առանց մտատանջուելու, թէ յաջորդ առտու ի՛նչ անհամ լուրերով պիտի արթննանք æաւախքի ծրագրեալ ու հետեւողական հայաթափման քաղաքականութեան մասին, կամ՝ Թիֆլիսի հայադրոշմ ու փառապանծ անցեալը ըստ ամենայնի թաղելու վրացական նորօրեայ փորձերու վերաբերեալ…
Որոշակի բախտաւորութիւն ունինք, անշո՛ւշտ, հարաւի մեր դրացիին՝ Իրանի պարսիկ ժողովուրդին ու իշխանութեանց բարեացակամութեան իմաստով։ Բայց, ինչպէս կ՛ըսեն իմաստունները, բացառութիւնը աւելիով կը շեշտէ ընդհանուր կանոնը, որ մեր պարագային չարակամ հարեւաններով ապրելու դատապարտուածութիւնն է։
Ամէն պարագայի, մեր բախտը ողբալէ աւելի՝ կը դիմագրաւենք հայ ազգային ռազմավարութեան հետագայ քայլերը ճիշդ հունաւորելու հրամայականը։
Եւ այդ ուղղութեամբ ուսանելի դասեր փոխանցող անզուգական Ռոստոմի անաւարտ մէկ գրութեան վրայ սեւեռած է այս «Օրուան Մտածումը»։
ՀՅԴ հրատարակութեամբ 1999ին լոյս տեսած «Ռոստոմ. Նամականի (մահուան ութսունամեակին առիթով)» հատորին 406–409 էջերուն վրայ ներկայացուած արխիւային նիւթ մըն է այդ գրութիւնը, ուր 1905ի հայ–թաթարական ընդհարումներու արիւնալի ողբերգութենէն մեկնելով՝ Հայկական Յեղափոխութեան ռազմավար դարբինը մատը կը դնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անմիջական հարեւաններուն դրսեւորած հակահայ դիրքորոշման պատմական չարիքին վրայ։
Ռոստոմի դիտարկումով՝ հայ ժողովուրդը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին իր մղած ազգային–ազատագրական պայքարի ընթացքին, թէ՛ ցարական միապետութեան դէմ 1903էն սկսեալ իր ծաւալած յեղափոխական շարժման ժամանակ, բնաւ հնարաւորութիւնը չունեցաւ իր ուժերը լրիւ կեդրոնացնելու բուն թիրախներուն դէմ։ Հակառակ անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուելուն, Հայկական Յեղափոխութիւնը շարունակ ստիպուեցաւ ինքնին անբաւարար իր ուժերուն կարեւոր մասը սպառել իրեն ճակատագրակից ու անմիջական հարեւան ժողովուրդներէն եկող վտանգներուն եւ թշնամական հարուածներուն դիմագրաւման վրայ։ Այդպէս եղաւ նախ օսմանեան իրականութեան մէջ, երբ սուլթանական բռնակալութեան դէմ հայ ժողովուրդի մղած կռիւը շարունակ կռնակէն դաշունահարուեցաւ քիւրտ թէ թուրք խուժանին կողմէ, որոնք իրենց կարգին կը կրէին ծանր լուծը Սուլթանի կառավարութեան…
Նոյնը եղաւ նաեւ Կովկասի մէջ, երբ հայ ժողովուրդը յեղափոխական իր շարժումով ծառացաւ ազգապատկան մեր կալուածներու ցարական յափշտակման եւ, ընդհանրապէս, «առանց հայու Հայաստան» մը իրականացնելու ռուսական կործանարար քաղաքականութեան դէմ։ Թաթարներն ու վրացիները, որոնք նոյնպէս եւ աւելիով կը կրէին լուծը ցարական միապետութեան, Հայկական Յեղափոխութեան հետ զինակցելու փոխարէն՝ կոյր գործիք դարձան ցարական իշխանաւորներու ձեռքին եւ թշնամական հարուածներ հասցուցին հայկական շարժումին։
Ռոստոմի այս դիտարկումին հիմնաւորումը կատարող արխիւային այդ գրութիւնը անաւարտ, աւելի ճիշդ՝ կիսատ մնացած է։ Նոյն դիտարկումին ամբողջական հիմնաւորումը եւ անկէ բխած ռազմավարական դասերը աւարտուն տեսքով կատարած է Ռոստոմի անբաժան գործակից Նիկոլ Դումանը՝ հայ–թաթարական ընդհարումներուն առիթով իր գրած գրքոյկին մէջ։
Ուշագրաւը ա՛յն է, որ ինչպէս անցեալին, նաեւ մեր օրերուն, հայ ժողովուրդին միեւնոյն «անբախտութիւն»ը գլխաւոր արգելակը հանդիսացած է հայ քաղաքական մտքի յառաջապահ քայլերուն։
Փետրուար 1988ին ծաւալած Ղարաբաղեան շարժումը, օրինակ, ի վերջոյ խորհրդային ամբողջատիրութեան գործած անարդարութիւններուն դէմ ծառացում մըն էր եւ, հետեւաբար, խորհրդային շղթաներէն ձերբազատուելու հեռանկարը կը բանար թէ՛ հայ, թէ՛ վրացի, թէ՛ ազերի եւ թէ նոյնինքն ռուս ժողովուրդներուն առջեւ։ Բայց ինչպէս տեսանք քսանամեակ մը առաջ, մեր անմիջական հարեւանները ոչ միայն ճակատագրակից գործընկեր մը չտեսան հայկական շարժման մէջ, այլեւ թշնամաբար դիրքորոշուեցան անոր դէմ։
Աւելի ծանրակշիռը պատահեցաւ հայեւթուրք մերձեցման ճակատին վրայ, երբ նախ ՀՀՇական իշխանութեան օրով եւ, մեր օրերուն, նախագահ Սարգսեանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, հայկական պետականութիւնը քաղաքակիրթ երկխօսութեան ձեռք երկարեց Թուրքիոյ ուղղութեամբ՝ կայունութեան եւ խաղաղութեան վրայ խարսխուած տարածաշրջանի մը հաստատման սատարելու փոխ–զիջումի պատրաստակամութեամբ։ Բայց մեր թուրք հարեւանը ոչ միայն իր նախապայմանները ուզեց պարտադրել հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին, այլեւ հայկական միասնականութիւնը պառակտելու իր նենգ հաշիւներուն փորձեց ծառայեցնել բարի–դրացիութեան հետամուտ ՀՀ իշխանութեանց նախաձեռնութիւնները։
Ոչ միայն թրքական իշխանութիւնները, այլեւ թրքական հասարակութեան ծանրակշիռ մասը չուզեցին տեսնել սեփական պատմութեան հետ հաշտ ապրելու առումով իրենց ընձեռուած պատմական հնարաւորութիւնն ու ոսկեայ առիթը։
Այո՛. Հայաստանն ու հայութիւնը անբախտ են՝ հարեւաններու առումով։
Համընդհանուր զարգացման եւ բարօրութեան նպատակով հայ ժողովուրդին նետած համարձակ քայլերը շարունակաբար բախած են հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական իրաւունքներուն եւ արդարութեան հաշւոյն սեփական հարցերը լուծելու մեր հարեւաններու նեղմտութեան, աւելին՝ հայատեացութեան դաժան ու բիրտ պատին…
Եւ եթէ հայ քաղաքական միտքը իրեն առաջնորդ պիտի ունենայ անցեալի դասերը – եւ անկասկած պէ՛տք է ունենայ –, ապա ուրեմն ազգային ռազմավարութեան մեր հետագայ քայլերը պէտք է հետեւին ազգային–քաղաքական մեր իրաւունքներուն եւ արդարութեան ձեռքբերումն ու ամրապնդումը ապահովելու առաջնահերթութեան։