ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջին օրերուն համացանցով լայնօրէն տարածուած եւ Հայաստանի մէջ հասարակական բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցած էր տեսագրութիւն մը, որուն մէջ կիսամերկ սպայ մը բռնութիւն գործադրելով՝ կը չարչարէր ու կը ստորացնէր հայկական բանակի երկու զօրակոչիկներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերներ սկզբնական օրերուն կասկած յայտնեցին, որ տեսագրութիւնը ատրպեճանական արտադրութիւն է՝ հայկական բանակը վարկաբեկելու քարոզչական նպատակներով:
Երէկ, հայաստանեան մամլոյ գործակալութիւններ յայտնեցին, թէ ռազմական ոստիկանութիւնը բացայայտած է յանցագործ սպային ինքնութիւնը:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը հաղորդէ, որ պաշտպանութեան նախարարութենէն իր թղթակիցին փոխանցուած է, թէ «Այժմ պարզւում է մեղաւորների շրջանակը, առաջիկայ օրերին նախարարութիւնը այս առթիւ հանդէս կը գայ յայտարարութեամբ»:
Վերջին շրջանին հայկական բանակէն ներս արձանագրուած անբացատրելի մահերը, ինքնասպանութիւններն ու սպանութիւնները հասարակութեան լայն խաւերու ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին Զինուած ուժերուն վրայ: Այս տեսագրութիւնը առաւել ցցուն դարձուց առկայ մտահոգիչ վիճակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.