ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ կառավարութեան սպասելիքները չարդարացան. ան չյաջողեցաւ աշխարհի չորս կողմէն ակնկալուող հազարաւոր ուխտաւորներու բազմութիւն ապահովել Սեպտեմբեր 19ին, Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ մէկ դար ետք մատուցուած առաջին պատարագին: Միայն քանի մը հարիւր հայեր մասնակցեցան այդ արարողութեան, առաւելաբար՝ Պոլիսէն:
Թուրքիան չարաչար ձախողեցաւ՝ փորձելով մոլորութեան մատնել միջազգային հանրութիւնը, որ՝ իբրեւ թէ հանդուրժող եւ բարեացակամ է հայերուն նկատմամբ: Ի վերջոյ, ակնյայտ դարձաւ, որ թուրք ղեկավարները աւելի շատ շահագրգռուած էին քաղաքական «շօու»ի կազմակերպութեամբ, քան հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական սրբավայրին մէջ կրօնական արարողութեան արտօնութեամբ:
Երեք տարի առաջ գրուած յօդուածի մը մէջ ես քննադատած էի Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցին պետական թանգարանի վերածելուն համար: Այդ ժամանակ ես կոչ ըրած էի թրքական իշխանութիւններուն նախ՝ խաչ տեղադրելու եկեղեցւոյ գմբէթին, ապա՝ զայն դարձնելու եկեղեցի եւ ոչ թէ թանգարան՝ արտօնելով սուրբ պատարագի կանոնաւոր մատուցում, եւ երրորդ՝ եկեղեցին իբրեւ սեփականութիւն վերադարձնելու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան, զայն Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ենթակայութեան յանձնելու փոխարէն:
Այս տարուան սկիզբը Թուրքիոյ կառավարութիւնը խոստացած էր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին եւ այնտեղ ծառայութիւններու մատուցում արտօնել Սեպտեմբեր 19ին: Ես կոչ ըրի հայերուն չմասնակցելու այդ ձեռնարկին, որովհետեւ կը գիտակցէի, որ թրքական իշխանութիւններուն իսկական մտադրութիւնը կրօնական արարողութիւններու քօղին տակ՝ քաղաքական «շօու» բեմադրելն էր:
Հայկական շրջանակներու մէջ ներքին բուռն բանավէճ ծաւալեցաւ՝ եկեղեցական արարողութիւնը «պոյքոթ»ի ենթարկելու կամ անոր մասնակցելու առնչութեամբ: Թուրքիոյ չարամիտ ծրագիրները բացայայտող յօդուածները չկրցան կարգաւորել բանավէճը: Դրութիւնը ա՛լ աւելի վատթարացաւ, երբ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարեցին, թէ մտադիր են ներկայացուցիչներ ուղարկել Աղթամարի եկեղեցին, թէեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հրաժարած էր մասնակցելէ:
Ի վերջոյ, բախտը ժպտեցաւ, երբ մեզ օգնութեան հասաւ թրքական կառավարութիւնը: Նախատեսուած արարողութենէն քանի մը շաբաթ առաջ թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ անհնար է խոստացուած խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին՝ «թեքնիքական դժուարութիւններու» անհեթեթ պատճառաբանութեամբ:
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը երկընտրանքի առաջ կանգնած էր: Ան եթէ թոյլ տար խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին, ապա պիտի արժանանար համաշխարհային հանրութեան գնահատանքին, սակայն վճռորոշ ձայներ պիտի կորսնցնէր Սեպտեմբեր 12ի սահմանադրական բարեփոխումներու թէժ հանրաքուէին:
Ի վերջոյ, խաչը փրկեց կացութիւնը: Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը չեղեալ յայտարարեց Աղթամար ներկայացուցիչներ ուղարկելու իր որոշումը: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հետեւեցաւ Ս. Էջմիածինի օրինակին: Զբօսաշրջութեան գործակալութիւններ նոյնպէս չեղեալ համարեցին Վանայ լիճ մեծ թիւով հայ ուխտաւորներ հասցնելու իրենց ձեռնարկած ուղեւորութիւնները: Իբրեւ արդիւնք, Թուրքիան տանուլ տուաւ քարոզարշաւը եւ զգալի եկամուտներ կորսնցուց:
Սեպտեմբեր 19էն քանի մը օր առաջ, վարչապետ Էրտողանի գրասենեակը ներկաներուն թիւը աւելցնելու նպատակով վերջին ճիգ մը գործադրեց՝ հրաւէրներ ուղարկելով հայկական լրատուամիջոցներուն եւ առաջարկելով յանձն առնել անոնց ուղեւորութեան հետ կապուած բոլոր ծախսերը, ներառեալ՝ օդանաւի տոմսերու, հիւրանոցի եւ սնունդի ծախսեր: Նման հրաւէրներ ստացան եւս յիսուն հայ մեկնաբաններ ու վերլուծաբաններ, սակայն բոլորն ալ մերժեցին երթալ, որովհետեւ Թուրքիան մերժած էր խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին:
Թուրքերը, անգիտակցաբար, հայերու մեծ մասին ստիպեցին ճիշդ քայլ կատարել եւ չեղեալ համարել Սուրբ Խաչ իրենց այցելութիւնը: Հետաքրքրականն այն է, որ թրքական կառավարութիւնը նոյն կերպով վարուեցաւ, երբ հրաժարեցաւ վաւերացնելէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները՝ այդ ձեւով պաշտպանելով Հայաստանի շահերը:
Մինչ հայկական հասարակական, քաղաքացիական խումբեր եւ որոշ կուսակցութիւններ դէմ կ՛արտայայտուէին Աղթամարի թրքական ծրագիրներուն, Հայաստանի կառավարութիւնը զարմանալիօրէն լուռ էր: Թուրքիան, անյայտ պատճառներով, Հայաստանի պետական պաշտօնեաները չհրաւիրեց Սուրբ Խաչի արարողութեան: Նկատի ունենալով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն առնչութեամբ Անգարայի ամօթալի խաղերն ու ֆութպոլային դիւանագիտութեան հետագայ տապալումը՝ կը թուի, թէ Հայաստանի ղեկավարները այնքան ալ ցանկութիւն չունէին միանալու թուրքերուն մէկ այլ խորամանկ հնարքին:
Ցաւօք, Աղթամար երթալու մասին վիճաբանութիւններուն համար հայերը շատ ժամանակ ու եռանդ վատնեցին: Այդ տարաձայնութիւնները արգելք հանդիսացան անոնց բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու մեծ մայրաքաղաքներու մէջ, եւ աշխարհին իրազեկ դարձնելու թրքական երկարամեայ գազանութիւններուն, հազարաւոր եկեղեցիներու աւերման ու պատմական Հայաստանի հողերու բռնագրաւման մասին:
Սակայն, խաչը չտեղադրելու պատճառով արարողութիւնը «պոյքոթ»ի ենթարկելը գրաւեց միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Ճակատագիրի հեգնանքով, թուրք պաշտօնեաներն ալ աւելի աջակցեցան իրենց գործի ձախողութեան՝ խաչը թողնելով գետնի վրայ, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կողքին՝ ի տես հանրութեան եւ լրատուամիջոցներու տեսախցիկներուն:
Այժմ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոստանայ վեց շաբաթուան ընթացքին խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին: Անկախ այն բանէն, թէ Թուրքիան ի՞նչ կը ծրագրէ ընել խաչին գծով, հայերը պէտք է հետամուտ ըլլան իրենց ինքնուրոյն նախաձեռնութիւններու կատարման, այլ ոչ թէ պարզապէս հակազդեն թրքական իշխանութիւններու ճղճիմ խաղերուն:
Այս պահուն, այն միակ յայտարարութիւնը, զոր հայերը կ՛ուզեն լսել Անգարայէն՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան վերադարձնելն է:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի Հրատարակիչ Եւ Խմբագիր